Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պոլսոյ Նախկին Նահանգապետի` Հրանդ Տինքի Սպանութեան Առնչուող Թղթապանակը Անհետացած Է

Ապրիլ 9, 2015
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Մուամմեր Կիւլեր
Մուամմեր Կիւլեր

Թրքական «Թի24» կայքը կը հաղորդէ, որ 7 յունիսին Թուրքիոյ մէջ տեղի ունենալիք խորհրդարանական ընտրութիւններէն ետք` Տինքի սպանութեան ժամանակաշրջանին Պոլսոյ նահանգապետ եղած եւ ներքին գործոց նախկին նախարար Մուամմեր Կիւլերի անձեռնմխելիութիւնը պիտի վերանայ եւ Տինքի սպանութեան գործադրութեան նպաստած անոր թերացումները պիտի յայտնուին օրակարգի վրայ: Սակայն Պոլսոյ գլխաւոր դատախազութեան մէջ նախկին նահանգապետ Կիւլերին առնչուող թղթապանակը անհետացած է:

Տարածուած տեղեկութեան համաձայն, գլխաւոր դատախազութեան աղբիւրները ըսած են, որ թղթապանակը իրենց չէ հասած: Զայն գտնելու համար տակաւին որեւէ հոլովոյթ չէ սկսած:

Պոլսոյ գլխաւոր դատախազութիւնը, Սահմանադրական դատարանի որոշումէն ետք, Հրանդ Տինքի սպանութեան ժամանակ պաշտօնավարած պաշտօնեաներու դէմ քննութեան սկսած էր` պաշտօնական պարտականութիւնները չկատարելու մեղադրանքով:

Այդ գործի ծիրին մէջ հարցաքննուած եւ ձերբակալուած էին հետախուզութեան վարչութեան նախկին պետ Ռամազան Աքեիւրեք, Ճիզրէի ոստիկանապետ Էրճան Տեմիր, ոստիկաններ Էօզքան Մումճու եւ Մուհիթթին Զենիթ:

Սպանութեան ժամանակ Տրապիզոնի ոստիկանապետ եղած Ռեշաթ Ալթայ, ոստիկանութեան հետախուզութեան վարչութեան նախկին ղեկավար Սապրի Ուզուն, Պոլսոյ նախկին ոստիկանապետ Ճելալեթթին Ճերրահ, Պոլսոյ հետախուզական վարչութեան պետ Ահմեթ Իլհան Կիւլեր եւ փոխնահանգապետ Էրկիւն Կիւնկոր հարցաքննուած էին իբրեւ կասկածեալներ:

Սպանութեան գործով մեղադրեալներ Էրհան Թունճել, Եասին Հայալ եւ Օկիւն Սամասթ հարցաքննուած են իբրեւ վկաներ:

 

Նախորդը

Կառավարութիւնը Շեհայէպին Յանձնեց Գերեվարուած Լիբանանցի Վարորդներուն Թղթածրարը Հետապնդելու Պատասխանատուութիւնը

Յաջորդը

Ատրուշան Արմէնեան` Լաս Վեկասի Մէջ Հայաստանի Պատուոյ Հիւպատոս

RelatedPosts

Շինծու Գործերով Ձերբակալուած  ՀՅԴ Երիտասարդներու Փաստաբաններու  Մամլոյ Ասուլիսը
Գլխաւոր լուրեր

Շինծու Գործերով Ձերբակալուած ՀՅԴ Երիտասարդներու Փաստաբաններու Մամլոյ Ասուլիսը

Յուլիս 15, 2025
Թրամփ. «Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Տագնապը  Կարծես Թէ Կը Մօտենայ Յաջող Հանգուցալուծման»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Տագնապը Կարծես Թէ Կը Մօտենայ Յաջող Հանգուցալուծման»

Յուլիս 15, 2025
Եւրոպական Միութիւնը Կ՛ողջունէ Լեռնային  Ղարաբաղի Մէջ Զինուորական  Գործողութիւններու Դադրեցումը
Հայկական

Եւրոպական Միութեան Ղեկավարները Իրենց Աջակցութիւնը Յայտնած Են Հայաստանի Գերիշխանութեան, Տարածքային Ամբողջականութեան Եւ Ժողովրդավարական Բարեփոխումներուն

Յուլիս 15, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?