Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

April 9, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ Արաբիոյ մէջ Լիբանանի դեսպան Ապտել Սաթթար Իսա յայտնեց, որ Սէուտական Արաբիոյ մէջ ապրող լիբանանցիները պէտք է յարգեն երկրին օրէնքները:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, ըստ որուն,  պենզինի թիթեղին սակը նուազած է 300 լ. ոսկիով, մազութը` 100 լ. ոսկիով, իսկ պիւթակազին շիշը` 800 լ. ոսկիով:

«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթին համաձայն, Ժապհաթ Նուսրա Նասիպի անցքին վրայ իր գերեվարած լիբանանցի վարորդները ազատ պիտի չարձակէ` առանց 150 հազար տոլարի փրկագին մը ստանալու:

ԱՆԿԱԽ հոսանքի քաղաքական գրասենեակը յայտնեց, որ նախագահական ընտրութիւնը առաջնահերթ է` աւելցնելով, որ օրէնսդրական ոչ մէկ գործառնութիւն կրնայ կանխել ընտրութիւնը:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ շեշտեց, որ Հըզպալլայի հետ Մուսթաքպալ հոսանքին երկխօսութեան ընթացքին ոչ մէկ յառաջդիմութիւն արձանագրուած է` նախագահական ընտրութիւն կատարելու առումով:

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Պուլոս Մաթար եպիսկոպոսը յայտնեց, որ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտի հետ պիտի քննարկէ նախագահական ընտրութեան վերաբերող հարցեր:

«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին համաձայն, լիբանանեան բանակը իր հակակշիռին տակ առած է այն անցքերը, որոնք հիւսիսային Պեքաայի մէջ զինեալներուն կողմէ բացուած են ձմրան ընթացքին:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ նախանցեալ երեկոյեան Քլեմանսոյի մէջ ընդունեց արդարութեան նախարար Աշրաֆ Ռիֆին:

ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ «Օքազ» օրաթերթին համաձայն, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի օգնական Թոնի Պլինքըն լիբանանցիները զգուշացուցած է Լիբանանին սպառնացող ապահովական ցնցումներէ, որոնք իրենց ազդեցութիւնը կ՛ունենան երկրին ապահովական կայունութեան վրայ:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի ընդհանուր քարտուղար Իպրահիմ Քանաան շեշտեց, որ Պքերքէի հետ յարաբերութիւնները խզուած չեն` աւելցնելով, որ իրենք կը յարգեն մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին կարծիքը:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով եկեղեցական աղբիւրներէ, տեղեկացուցած է, թէ դիւանագէտներ հաստատած են, որ նախագահական ընտրութեան յետհաշուարկը սկսած է արդէն:

 

 

Նախորդը

Մինչ Ուաշինկթըն Կը Յայտնէ, Որ Պիտի Արագացնէ «Վճռորոշ Փոթորիկ»-ին Զէնք Մատակարարելը. Իրանեան Մարտանաւեր Կ՛ուղղուին Ատենի Ծոց Եւ Պապ Մանտեպ Նեղուց

Յաջորդը

Սաատ Հարիրի Կը Դատապարտէ Սէուտական Իշխանութիւնները Վարկաբեկող Արտայայտութիւնները

RelatedPosts

Թրիփոլի Այցելելով.  Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով,  Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի,  Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի  Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրիփոլի Այցելելով. Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով, Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի, Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»

October 26, 2026
Ամերիկեան Դեսպանատունը Կը Վերահաստատէ  Լիբանան Այցելութենէն Զգուշացումը
Լիբանանեան

Ամերիկեան Դեսպանատունը Կը Վերահաստատէ Լիբանան Այցելութենէն Զգուշացումը

October 26, 2026
Ժահժահ. «Լիբանան Ճիշդ Ուղիի Վրայ  Դրուեցաւ, Եւ Ապագան Խոստմնալից Է»
Լիբանանեան

Ժահժահ. «Լիբանան Ճիշդ Ուղիի Վրայ Դրուեցաւ, Եւ Ապագան Խոստմնալից Է»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.