Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (9 Ապրիլ 1965)

Ապրիլ 9, 2015
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խմբագրական

Հայ Եւ Արաբ Անկեղծ Բարեկամութիւնը

Իր նորագոյն պատմութեան դժբախտ շրջաններուն, լքուած գրեթէ բոլորէն, հայ ժողովուրդը անկեղծ ու սրտակից բարեկամ մը գտաւ արաբ ժողովուրդին մօտ, որուն առհաւական արժանիքները` վեհանձնութեան եւ ասպնջականութեան, թանկագին ու նախախնամական եղան մեզի համար, յատկապէս այն օրերուն, երբ Արաբիոյ անապատները կը քշուէին անոք ու անօգնական ազգի մը զանգուածները:

Մարդիկ կրնան մոռնալ, բայց ժողովուրդները` երբեք: Դժնդակ օրերուն կարկառուած եղբայրական ձեռք մը յաւիտենապէս կ՛արձանագրուի տարաբախտ հաւաքականութիւններու մտքին ու սրտին մէջ եւ կը փոխանցուի սերունդէ սերունդ` իբրեւ նուիրական պարտք երախտագիտութեան եւ անջնջելի կտակ բարեկամութեան ու սիրոյ:

Ապրիլեան եղեռնի օրերուն արաբ ժողովուրդի ազնիւ ու ասպետական վերաբերումը հանդէպ հայութեան` պատմականօրէն նուիրագործուած իրականութիւն մըն է, որ այսօր, յիսուն տարի ետք, հիմ կը ծառայէ փոխադարձ վստահութեան ու սիրոյ:

Եթէ մարդիկ լուռ մնան, անապատի անծայրածիր տարածութիւնները լեզու պիտի առնեն պատմելու համար աշխարհին այն, ինչ որ ըրաւ սուրիական անապատներու վրանաբնակ արաբը` հայ մը աւելի փրկելու, կեանք մը աւելի ազատելու մարդասիրական վեհ զգացումներով տոգորուած: Անհամար է թիւը այն հայերուն, որոնք իրենց կեանքը կը պարտին արաբ ազնիւ ժողովուրդին` ըլլայ մահուան ճամբաներուն վրայ, ըլլա՛յ սուրիական քաղաքներու մէջ` Հալէպ, Դամասկոս եւ այլուր:

Եթէ ճիշդ է, որ արաբը մարդասիրական այս գործին մէջ կը թելադրուէր վեհանձնութեան եւ ասպետական ոգիի իր հիմնական արժանիքներէն, նոյնքան ճիշդ է նաեւ այն իրողութիւնը, թէ այդպէսով ան գործնական վկայութիւնը կու տար այն բարեկամութեան, որ ի հնուց անտի գոյութիւն ունի արաբ եւ հայ բախտակից ժողովուրդներուն միջեւ:

Իբրեւ օսմանեան տիրապետութեան ենթակայ ճակատագրակից ժողովուրդներ` հայն ու արաբը տարիներով միասին պայքարեցան նոյն անագորոյն թշնամիին դէմ, հաստատելով գործակցութիւն մը, որ հետզհետէ արդիւնաւոր պիտի դառնար շաղկապելով երկուքին ճիգերը` ի խնդիր ազատութեան եւ ազգային անկախութեան:

Այդ դարաւոր բարեկամութեան հաւաստիքն է, որ տրուեցաւ դարձեալ քսանական թուականներուն, երբ արաբ ասպնջական ժողովուրդը, թօթափած օսմանեան տիրապետութեան ծանր լուծը, լայն բացաւ իր թեւերը` գրկին մէջ ընդունելու համար երկիցս տարագիր ու աստանդական բեկորները մեր ժողովուրդին: Ոչ միայն ընդունեց, այլ նաեւ իր կեանքին մէջ հաւասար տեղ տուաւ մեզի, այն խոր համոզումով, թէ հայութեան մէջ դարձեալ պիտի հաստատէ առողջ տարր մը, շինարար ժողովուրդ մը, անկեղծ բարեկամ մը:

Հայութիւնը գիտցաւ առաւելագոյն չափով արդարացնել Սուրիոյ, Լիբանանի, Իրաքի, Յորդանանի, Եգիպտոսի եւ արաբական այլ երկիրներու եղբայր ժողովուրդներուն ակնկալութիւնները` յարատեւօրէն ու գիտակից մօտեցումով պաշտպան կանգնելով անոնց ազգային ազատագրութեան դատին, իր ուժերուն առաւելագոյն չափով:

Յիսնամեայ այս անամպ գոյակցութեան ընթացքին  հայութիւնը նուիրական պարտականութիւն նկատեց ամբողջութեամբ իւրացնել արաբ ժողովուրդներու ազգային դատը, եղաւ դրօշակիրը նոյն իտէալին, յառաջապահ մարտիկը ազատագրական պայքարներուն, որոնք մղուեցան արաբական երկիրներուն կողմէ` յանուն ազգային անկախութեան եւ վեհապետական իրաւունքներու:

Ապրիլեան եղեռնի յիսնամեակի այս օրերուն մեր պարտականութիւնն էր անգամ մը եւս յիշել այս բոլորը, մտքերու մէջ թարմացնել դժբախտութեան մէջ դարբնուած եւ արիւնով նուիրագործուած բարեկամութեան մը խորունկ պատճառները, մանաւանդ` անգամ մը եւս հաստատելու այն իրողութիւնը, թէ հայութիւնը, ինչպէս իր գտնուած բոլոր երկիրներուն, մասնաւորաբար արաբական աշխարհին մէջ, ուր կը վայելէ համահաւասար քաղաքացիի բոլոր իրաւունքները, հաւատարմութեան ու օրինապահութեան զգացումներ միայն ունի` իբրեւ դոյզն վարձատրութիւնը այն սիրոյն ու համակրանքին որ արաբ ազնիւ ժողովուրդը կը տածէ մեզի հանդէպ:

 

Մեծամասնական Պլոքի Երեսփոխանները Կ՛ուզեն
Մասնակցիլ 50-Ամեակի Սգատօնին

Լիբանանեան խորհրդարանի մեծամասնութեան պլոքը, որ առջի իրիկուն գումարուեցաւ Պէյրութի երեսփոխան Ռաշիտ Սոլհի բնակարանին մէջ` ի ներկայութեան խմբակներու ներկայացուցիչ 23 երեսփոխաններու, հրատարակեց հաղորդագրութիւն մը:

Հաղորդագրութիւնը կ՛ըսէ.

«Երեսփոխանները քննեցին հարցը այն յուշատօնին, որ պիտի կազմակերպէ հայ համայնքը` Թուրքիոյ հայերու ջարդին յիսնամեակին առթիւ: Ներկաները ամբողջական տրամադրութիւն ցոյց տուին` մասնակցելու այս ազգային աքթին: Հայ երեսփոխանները շնորհակալութիւն յայտնեցին այս ժեսթին համար եւ անոնցմէ խնդրեցին` սպասել պատկան իշխանութեանց հետ իրենց ունեցած շփումներու արդիւնքին»:

 

Երեսփոխանական Ժողովի Որոշումով
Ապրիլ 24-ը Պաշտօնական Սուգի Օր Ուրուկուէյի Մէջ

1 փետրուար 1965-ին, Ուրուկուէյի երեսփոխանական ժողովին մէջ, երեսփոխան Մարթինես Մորենօ ունեցած է զգայացունց եւ անակնկալ ելոյթ մը` ամբողջ օտար հանրային կարծիքի ուշադրութիւնը իր վրայ կեդրոնացնելով: Երեսփոխան Մարթինես Մորենօ ամպիոն բարձրանալով` խօսած է ապրիլեան Եղեռնի մասին եւ ըսած է, թէ համայն հայութիւնը այս տարի կը պատրաստուի նշել Մեծ եղեռնի յիսնամեակը` ոգեկոչելու համար յիշատակը շուրջ երկու միլիոն հայ նահատակներու, որոնք զոհ գացին պատմութեան մէջ չտեսնուած ցեղասպանութեան մը:

Մորենօ դիտել տուած է, որ ամբողջ ժողովուրդի մը բնաջնջումին ձգտող այս ծրագրին հեղինակները խորքին մէջ մարդկութեան դէմ է, որ ոճիր կը գործէին` օգտուելով Ա. Համաշխարհային պատերազմին ընձեռած պատեհութենէն:

Երեսփոխանը նկարագրած է հայ ժողովուրդին կրած տառապանքը եւ թուած է այն բոլոր անիրաւութիւնները, որոնց ենթարկուած է հայութիւնը, աւելցնելով, որ այս ժողովուրդը մարդկութեան համակրութեան, նեցուկին ու գնահատութեան արժանի է:

Մասնաւորելով իր խօսքը ուրուկուէյցիներուն` Մորենօ ըսած է, որ Ուրուկուէյ եւ իր ժողովուրդը պարտին սգակցիլ հայութեան` յառաջիկայ ապրիլ 24-ին, քանի որ 1965 ապրիլ 24-ը հայկական մեծ կոտորածին յիսնամեակը կը խորհրդանշէ:

Երեսփոխանը առաջարկած է, որ 1965-ի ապրիլ 24-ը պաշտօնական սուգի ու յարգանքի օր հռչակուի Ուրուկուէյի մէջ, որպէսզի ուրուկուէյցիներն ալ արժանաւորապէս սրտակցութիւն յայտնած ըլլան իրենց հայ եղբայրներուն:

«Պետական հանգամանքով յարգանք մը պարտինք ընծայել հայ ժողովուրդին, որ զոհն է բռնակալ ու տիրող ուժերու կողմէ իր դէմ գործուած անարդարութիւններուն», շեշտած է Մորենօ իր ելոյթին մէջ:

Ուրուկուէյի երեսփոխանական ժողովը համակրանքով ընդունած է իր աչքառու անդամներէն Մորենոյի առաջարկը եւ 1965-ի ապրիլ 24-ը պաշտօնական սուգի օր հռչակած է:

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Լէյլա Սարիբեկեանի Կարծիքով

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?