Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ԵՒ ԱՊՐՈՒՍՏԻ ՀԱՐՑԵՐԸ ԿԸ ՄՏԱՀՈԳԵՆ ՔԱՂԱՔԱՑԻՆԵՐԸ

August 5, 2011
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երկրի ապահովութեան եւ ընկերային իրավիճակին վերջին զարգացումները, յատկապէս հետզհետէ շեշտուող սղաճի, ապրուստի պայմաններու վատթարացման, յաճախ կրկնուող գողութեան ու կողոպուտի երեւոյթներուն ու քաղաքացիները մղձաւանջի մատնող երթեւեկի խճողումին վերաբերող հարցերը առանցքը կազմեցին կարգ մը պատասխանատուներու յայտարարութեանց եւ քաղաքացիներու մտահոգութեանց:

Արդարեւ լիբանանեան զանազան վայրերու մէջ արձանագրուող դէպքերը եկան շեշտաւորելու քաղաքացիներուն նշեալ մտատանջութիւնները.

Այսպէս, նախանցեալ գիշերուան ընթացքին անծանօթներու կողմէ գողցուեցան հինգ ինքնաշարժեր Պարուքի, Սայտայի, Զուք Մուսպեհի, Պապ էլ Ռամլի եւ Ալէյի շրջաններէն: Նմանապէս երկու ինքնաշարժներ գողցուեցան Նաքքաշէն (Անթիլիաս) եւ Ժատայէլէն:

Պսալիմի մէջ (Անթիլիասէն վեր) անծանօթ զինեալներ զէնքի ուժով կողոպտած են շինարարական կառոյցի մը աշխատասենեակին մէջ բնակող սուրիացի գործաւորներու անձնական փաստաթուղթերն ու 1800 տոլարի գումար մը: Ապա, «Քիա» տիպի ինքնաշարժով խոյս տուած են անծանօթ ուղղութեամբ:

Երէկ մանչ մը զոհ գացած է Տըքուանէի մէջ, երբ շրջանի Մար Ռուքոզ թաղամասը գտնուող լողաւազանին մէջ խեղդուած է ու անկարելի եղած է փրկել անոր կեանքը` հակառակ փութով հիւանդանոց հասցուելուն:

Անսար գիւղաքաղաքին մէջ քաղաքացիներ երէկ փակած են դէպի գիւղաքաղաք մուտքի ճամբաները` իբրեւ բողոք ելեկտրական հոսանքի յաճախակի ընդհատման դէմ:

Ելեկտրականութեան ընկերութեան պաշտօնեաներ յայտնեցին, որ բաց գործադուլի պիտի դիմեն յառաջիկայ երեքշաբթի, 9 օգոստոսէն սկսեալ` իբրեւ բողոք աշխատավարձի, երթեւեկի թէ կրթական հատուցումի կիրարկման ձգձգման դէմ, հակառակ այս գծով տրուած որոշումին վաւերացման:

Լաւատեղեակ աղբիւրներու համաձայն, ելեկտրականութեան ընկերութիւնը կը մտադրէ սաստկացնել ելեկտրական հոսանքի ընդհատումը` ելեկտրաբաշխումի ցանցերուն դիմագրաւած դժուարութեանց պատճառով:

 

 

 

 

Նախորդը

ՆԱԽԿԻՆ ՆԱԽԱԳԱՀ ԷՄԻԼ ԼԱՀՈՒՏԻ ՏՈՒԱԾ ԱՅՑԵԼՈՒԹԵՆԷՆ ԵՏՔ ՈՒԱՀԱՊ ԿԸ ԹԵԼԱԴՐԷ ՄԻՋԱՄՈՒԽ ՉԸԼԼԱԼ ՍՈՒՐԻՈՅ ՆԵՐՔԻՆ ՀԱՐՑԵՐՈՒՆ

Յաջորդը

ԱՆԴՐԱԴԱՐՁՆԵՐ ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԵՒ ԱՐԱԲԱԿԱՆ ՄԱՄՈՒԼԷՆ

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։