Եւրասիական տնտեսական միութիւնը (ԵՏՄ) պիտի քննարկէ ԵՏՄ-ի մէջ տակաւին ազգային նկատուող շուկաներուն մէջ միասնական շուկայ ձեւաւորելու հարցերը: Այս մասին «Եւրասիական տնտեսական միութեան շուկան առանց արգելքներու» խորագիրով երէկ Երեւանի մէջ տեղի ունեցած քննարկման ընթացքին յայտարարած է Միասնական տնտեսական յանձնախումբի տնտեսութեան եւ համարկման հիմնական ուղղութիւններով խորհուրդի անդամ (նախարար) Թաթիանա Վալովայա:
Յատուկ շուկաներէն Հայաստանի համար կարեւոր են ոգելից ըմպելիներու, ծխախոտի, դեղագործութեան, քարիւղի, կազի եւ ելեկտրական հոսանքի շուկաները:
«Նշուած են միացեալ շուկայի ձեւաչափերու մշակման եւ ազատականացման պայմանները: Շատ կարեւոր է աշխատիլ հայկական առեւտրական շրջանակներուն հետ եւ միացեալ շուկաներու դրութիւն մշակել», նշած է ան: