
Ազրպէյճանական մամուլը արդէն 2 տեսանիւթ հրապարակած է` ցոյց տալով, թէ ինչպէ՛ս հայ զինուորը սպիտակ կտորը ձեռքին մօտեցած է ազրպէյճանական ուժերուն:
Երկրորդ` աւելի երկար տեսանիւթին մէջ, Անդրանիկ Գրիգորեան սենեակին մէջն է: Կցկտուր պատասխաններով, աջ ու ձախ նայելով` ան իր արարքը կը պատճառաբանէ զօրամասին մէջ կրած ճնշումներով, ըսելով, թէ «պատերազմիլ չ՛ուզեր, կ՛ուզէ ապրիլ», եւ «ով որ ուժեղ է, լաւ կ՛ապրի»:
Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի ղեկավարի տեղակալ Դաւիթ Բաբայեան վստահ է, որ ասիկա ճնշումներու արդիւնքով բեմականացուած նկարահանում է, լսուող խօսքերն ալ ոչ մէկ կապ ունին իրականութեան հետ:
«Գրիգորեանին պարտադրած են, որ այդպիսի բաներ ըսէ, նոյնը ըրած էին Ինջիղուլեանի հետ: Նոյն մարդիկն են, նոյն խումբն է, պարզ կ՛երեւի. այսինքն` այդ մարդիկը ուղղակի բռնութեան կ՛ենթարկեն եւ փաստօրէն յուշարարի պէս բան մը դրուած է այնտեղ, այդ մարդը կը կարդայ որոշ գաղափարախօսութիւններ», ընդգծած է Բաբայեան:
Լեռնային Ղարաբաղի նախագահի աշխատակազմի ղեկավարը բեմականացում անուանած է նաեւ ազրպէյճանական սահմանին մօտենալու մասին տեսանիւթը: Նախագահին բանբերը նշած է` հայ զինուորին այլ համազգեստ հագցուցած են:
«Վերի մասը կը տարբերի վարի հատուածէն, գոյները եւ այլն: Կ՛երեւի, որ ինչպէս նախապէս մեր իջեւանցի քաղաքացիին կօշիկները փոխած էին, հիմա ալ անոր վարի մասը փոխած են: Վերի մասը հայկական համազգեստ է, իսկ վարի մասը` ոչ», նշած է Դաւիթ Բաբայեան:
Անոր համար զարմանալի է նաեւ ազրպէյճանական կողմի հանդարտութիւնը. նոյնիսկ եթէ զինուորը սպիտակ դրօշով կը մօտենայ, դիրքերուն վրայ հսկող զինուորները պէտք է յատուկ գործողութիւն իրականացնեն:
«Որովհետեւ կրնար ինք մինչեւ ատամները զինուած ըլլար, եւ ինքզինք պայթեցներ: Այսպիսի բաներ չենք տեսներ: Կարծես թէ ամէն ինչ սպասելի էր, եւ բոլորը կը սպասեն, որ ինք գայ եւ կը նկարահանեն: Այս ամէնը ցոյց կու տայ, որ ասիկա եթէ նոյնիսկ տեղւոյն վրայ իրականացուած է, բայց իրականացուած է թիկունքին մէջ, այսինքն, Ազրպէյճանի պատկերասփիւռէն եկած են եւ այդ նկարահանումները կատարած», ըսած է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի ղեկավարի տեղակալ Դաւիթ Բաբայեան:
Դաւիթ Բաբայեան «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ զրոյցին ընթացքին նաեւ ըսաւ. «Ինչ որ նկարահանած են, ոչ մէկ ձեւով կապ ունի առաջին գիծին հետ: Անոնք կրնան իրենց դիրքերը ըլլալ, ուղղակի երկրորդ, երրորդ, չորրորդ գիծէն նկարահանէին»:
Ըստ Բաբայեանի, Անդրանիկ Գրիգորեանի զօրամասին մէջ սկսած է քննութիւն, որուն իբրեւ արդիւնք պարզ պիտի դառնայ, թէ ինչպէ՞ս զինուորը աննկատ ձգած է իր զէնքն ու զինամթերքը եւ քալած ազրպէյճանական սահմանին ուղղութեամբ:
«Չեմ կասկածիր, որ գերութեան մէջ գտնուող հայ զինուորը այժմ հոգեկան լուրջ խնդիրներ ունի, սակայն կը վստահեցնեմ, որ հայկական զինեալ ուժերուն մէջ աշխատանքի սկսելու ատեն, բժշկական յանձնախումբը անոր մօտ հոգեկան շեղումներ չէ արձանագրած: Եթէ ըլլար այդպիսի խնդիր, ինչո՞ւ բանակ պիտի ընդունէին զայն», ըսած է Բաբայեան:
Ան հաւաստած է, որ հայ զինուորին դէպքը կապուած չէ 19 մարտին սահմանագիծին վրայ արձանագրուած լարուածութեան :« Անդրանիկ Գրիգորեան սահմանը անցած է ազրպէյճանական կողմի յարձակումէն 3 օր ետք: Ղարաբաղեան իշխանութիւնները կը քննարկեն նաեւ ազրպէյճանական յատուկ նշանակութեան ուժերու կողմէ հայ զինուորը առեւանգելու վարկածը: Բայց ներթափանցման կամ առեւանգման հաւանականութիւն գրեթէ չկայ: Եթէ այդպիսի բան ըլլար, իրենք չէին կրնար աննկատ գալ եւ նման քայլի դիմել: Երկրորդ` զէնք-զինամթերքը անպայման հետը կը տանէին, որպէսզի ցոյց տային, որ վնասազերծած են ներթափանցող մը: Ցոյց կու տային ժապաւէնին նման` յատուկ ջոկատայինները, երեսները ներկած, կու գան եւ կը վնասազերծեն այդ մարդը», ըսած է Բաբայեան: