Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պաշտպանութեան Փոխնախարար. «Լարուածութիւն Կայ, Ազրպէյճան Կը Փորձէ Սադրել»

March 25, 2015
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

3-24-15_araՀայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան փոխնախարար Արա Նազարեանին լրագրողները երէկ հարցուցած են  սահմանին վրայ տիրող վիճակին մասին:

«Ինչո՞ւ առաջին գիծին վրայ կը զոհուին 18-19 տարեկան զինուորները, եւ ինչո՞ւ փորձառու պայմանագրային զինուորները չեն կանգնած առաջին գիծին վրայ» հարցումին Նազարեան պատասխանած է. «Սահմանին վրայ կանգնած են փորձառու անձեր, բոլորն ալ փորձառու են, պատահական մարդ այնտեղ չի կրնար կանգնիլ: Հակառակորդին սադրանքները հիմա կը փորձէք մեզի՞ վերագրել: Ազրպէյճան իր կորուստներուն պատկերը փակած է եւ չ՛ըսեր, իսկ Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը կ՛ընէ կարելին, սահմաններու պաշտպանունակութեան ամրապնդման համար»:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ներկայիս ի՞նչ վիճակ կը տիրէ սահմանին, պաշտպանութեան փոխնախարար Արա Նազարեան ըսած է. «Հակակշիռի տակ է: Բնականաբար կայ  լարուածութիւն, որ  կապուած է Մինսքի խմբակի յառաջիկայ միջոցառումներուն, իսկ Ազրպէյճան  կը փորձէ սադրել»:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք լարուածութիւնը կը յանգեցնէ՞ լայնածիր պատերազմի, փոխնախարարը ըսած է. «Իմ անձնական կարծիքովս` պատերազմ չի սկսիր, ատիկա իրենց ձեռնտու չէ»:

«Հայկական կողմը ինչպէ՞ս կը պատրաստուի  հակադրուելու ամէնօրեայ ներթափանցումներու միջոցով ուժերը ջլատելու Ազրպէյճանի ռազմավարութեան», հարցումին ի պատասխան, Արա Նազարեան նշած է, որ տագնապի խաղաղ լուծման հոլովոյթին մէջ Հայաստան ազնիւ է եւ կ՛ընէ կարելին, որպէսզի տագնապի խաղաղ լուծման հոլովոյթը պահպանուի:

«Երկիր»-ի հարցումին, թէ արդեօք սահմանի լարուածութեան մասին Սէյրան Օհանեան խօսա՞ծ  է Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան նախագահ Նիքոլայ Պորտիւժայի հետ, Նազարեան պատասխանած է. «Ես տեղեակ չեմ, թէ՛ ի՛նչ խօսած են»:

 

Նախորդը

Վարչապետը Յանձնարարեց Տնտեսութեան Բարգաւաճման Առաջարկներ Ներկայացնել

Յաջորդը

Դ. Բաբայեան. «Ազրպէյճանական Տեսանիւթը Բեմականացուած Է, Հայ Զինուորին Համազգեստը` Փոխուած»

RelatedPosts

Հրապարակուեցան Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններուն Պաշտօնական Արդիւնքները
Հայկական

Հրապարակուեցան Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններուն Պաշտօնական Արդիւնքները

October 27, 2026
Հայ Դատի Կեդրոնական Գրասենեակը  Կը Ներկայացնէ Ռուբէն Վարդանեանի Գործին  Վերաբերեալ Իրաւական Ժողովածու
Գլխաւոր լուրեր

Հայ Դատի Կեդրոնական Գրասենեակը Կը Ներկայացնէ Ռուբէն Վարդանեանի Գործին Վերաբերեալ Իրաւական Ժողովածու

October 27, 2026
Պայրամով. «Հայ Հասարակութիւնը Պէտք Է Ընդունի,  Որ Խաղաղութիւնը Կարեւոր Է Թէ՛ Իր,  Թէ՛ Ալ Ազրպէյճանական Հասարակութեան Համար»
Գլխաւոր լուրեր

Պայրամով. «Հայ Հասարակութիւնը Պէտք Է Ընդունի, Որ Խաղաղութիւնը Կարեւոր Է Թէ՛ Իր, Թէ՛ Ալ Ազրպէյճանական Հասարակութեան Համար»

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.