ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Քարսընի մէջ արձանագրուած յաղթանակը մեր կազմակերպուած ուժի, մեր զգօնութեան եւ արագ զօրաշարժի ապացոյցն էր:
Պէտք է ցնծանք այս յաղթանակով, բայց եւ պէտք է անդրադառնանք, որ հակառակորդը, թշնամին, ուղղակի պատերազմի դուրս եկած է նաեւ այստե՛ղ` Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ, եւ թուրք-ազրպէյճանական պետական կեդրոնացուած ճիգերով, միջոցներով ու լծակներով կը փորձէ թէ՛ օրէնսդրական եւ թէ՛ քարոզչական մակարդակներու վրայ գերազանցութիւն կորզել մեզմէ:
Տակաւին վերջերս, ամերիկեան երկու նահանգներու` Արիզոնայի եւ Եութայի մէջ, թուրք-ազրպէյճանական միացեալ ճիգերով հաստատուեցաւ բոլորովին շինծու` «Խոջալուի ջարդ»-երը դատապարտող, հասկնալիօրէն մեզ` հայերս, մեղադրող բանաձեւ մը:
Թուրքիոյ վարչապետը Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակի մեր ձեռնարկներուն հակազդելու համար նոյնիսկ անհրաժեշտ նկատած է թրքական սփիւռքը միաւորելու կոչով հանդէս գալը` անուղղակիօրէն ձեռք երկարելով Էրտողանի իշխանութեան ընդդիմադիր կիւլենական շարժումին, որպէսզի միասնական ճիգերով անոնք պայքարին Հայ դատի յանձնախումբին դէմ:
Կասկած չկայ, որ Ամերիկայի տարածքին, Ուաշինկթըն Տի.Սի.էն մինչեւ նահանգային մայրաքաղաքներ, թուրք-ազրպէյճանական նախաձեռնութիւնները պիտի բազմանան: Այս հաւանական զարգացման լոյսին տակ մեր խնդիրը պէտք չէ սահմանափակուի հակազդող գործողութիւններով, այլ անհրաժեշտ է մեր աշխատանքներուն թէ՛ ծիրը եւ թէ՛ տարողութիւնը ընդարձակել:
Ինչպիսի՞ միջոցներով: Թրքական եւ ազրպէյճանական այս շարժումները պէտք է կարենան մեզ յաւելեալ խթան հանդիսանալ, որպէսզի բազմապատկենք մեր հնարաւորութիւնները, ընդարձակենք մեր հասողութեան սահմանները: Այսինքն հզօրացնենք Հայ դատի յանձնախումբը, անոր գրասենեակները, շրջանային մարմինները ու համալրենք անոր համագործակցողներու շարքերը: Այսպէ՛ս կ՛երաշխաւորե՛նք նոր յաղթանակներ: