Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ Ռապիէի իր բնակարանին մէջ ընդունեց Իսլամական դիմադրութեան զօրակցութեան խորհուրդի պատուիրակութիւնը, որուն հետ խորհրդակցեցաւ շրջանի եւ յատկապէս լիբանանեան իրավիճակի ընդհանուր կացութեան շուրջ:
Այս առիթով պատուիրակութիւնը զօր. Աունը հրաւիրեց ներկայ գտնուելու իֆթարի երեկոյի մը` «Հապթուր» պանդոկին մէջ:


