Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մանուկը

March 19, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ա

3-19-15VaruzhanՈվ պըճնեց զայն այս աստիճան գեղեցիկ`
Շուշան ճակտով, խոպոպներով գեղաշէն,
Սեւ-մարգարիտ աչքով, յօնքով կոր մահիկ,
եւ այտերով վարդ` որ եդեմ կը բուրեն…

Երբ կը ժպտի ան` արշալոյսն է բացուող`
Գրաւիչ գոյնով եւ թարմութեամբ կենսատու.
Եւ կամ զըւարթ կապոյտին մէջ լուսնին շող,
Ուր կայ հրապոյր մը հոգիներ դիւթելու:

Երբոր կու լայ` իր արցունքն է` գարունին
Առտըւան ցօղն` որ թուլօրէն կը հոսի
Բոց աչքերէն հուրիներու օդային,
Եւ կը փըռուի դարին վրայ Մայիսի:

Երբ կը քալէ` ճառագայթն է` որ դողայ.
Երբ թոթովէ`դաշըն մըրմունջն է հովի.
Կամ դայլայլող – երկինքն ի վեր – գանարեայ.
Երբ կը խօսի` ան խորհուրդն է ու կ՛լուծուի՜:

Երբ կը նընջէ, լըռեցէք, ով մարդիկ, ան
Հրեշտակ մըն է` որ կ՛երազէ բացօթեայ.
Իր խաղաղիկ միջոցին մէջ. ձերին ձայնն
Ահաբեկող որոտման պէս պիտ՛ ըլլայ:

Մի՛ դըպցնէք ձեր շըրթունքներն իրենին.-
Ձեր խորշակներն այդ կոկոնները կը խամրեն.
Եւ մի դընէք ճակատներնիդ իր ճակտին,
Զի երկինքն այդ կը պըղտորի ձեր ամպէն: –

… Ան` Տիրոջ քով ճաճանչի փունջ մ՛էր առաջ.
Օրոցքին մէջ տրոփուն ծաղիկ մ՛է հիմա.
Ապագային, ճակատագրին հետ` սառած,
Շիրիմին մէջ կմախքը տերեւի մ՛պիտ՛ ըլլայ:

Երնէ՛կ քեզի, երնէ՜կ ազգիդ ալ համակ,
Երբ (Աստուծոյ կամքովն եղած յաղթական)
Այն մեծ համբո՛յրն ըլլայ քուկին յիշատակ`
Զոր անցեալէն կ՛առնէ անմահ ապագան:

Դ. ՎԱՐՈՒԺԱՆ

Նախորդը

Կին Դէմքեր. Քարէն Եփփէ

Յաջորդը

«Հայ Երիտասարդը Եւ Կամաւոր Հասարակական Գործը» Նիւթով Սեմինարի Արժեւորում

RelatedPosts

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Դէպի Ո՞ւր Ընթանալու Ճամբուն Վրայ. Լիբանանը` Իր Արտաքին Թէ Ներքին Օրինակարգերով

October 24, 2026
Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն
Անդրադարձ

Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն

October 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.