Ասորիներու լիկայի նախագահ Հապիպ Աֆրամ երէկ այցելեց երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Ֆայսալ Քարամէի, որուն հետ խորհրդակցեցաւ Լիբանանի ընդհանուր կացութեան եւ առհասարակ Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնեաներու իրավիճակին ու ճակատագիրին մասին:
Աֆրամ այս առիթով կրկին մտահոգութիւն յայտնեց շրջանին եւ յատկապէս Իրաքի մէջ քրիստոնեաներուն դէմ շղթայազերծուած յարձակումներուն գծով:


