Ռուս քաղաքագէտ Անտրէյ Եփիֆանցեւ «Ռուսիա Անդրկովկասի մէջ. ի՞նչը այնպէս չէ» յօդուածին մէջ գրած է, որ անդրադառնալով Հարաւային Կովկասին, Հայաստանին եւ Ազրպէյճանին, կարելի չէ չյիշել Լեռնային Ղարաբաղը: Յօդուածը հրապարակուած է globalaffairs.ru կայքէջին վրայ:
Ըստ անոր, Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Ազրպէյճանի նախագահներուն Քազանի հանդիպումը, հակառակ անոր հետ ԵԱՀԿ-Ի Մինսքի խմբակի ծիրին մէջ կապուող բոլոր յոյսերուն, Ռուսիոյ հաւանաբար մեծագոյն դիւանագիտական ձախողութիւնն էր: Վեհաժողովը սկիզբէն դատապարտուած էր անյաջողութեան: Անտրէյ Եփիֆանցեւ ընդգծած է, որ այժմ Ղարաբաղի հարցին դիւանագիտական լուծում գոյութիւն չունի, երկար տարիներու ընթացքին բոլոր տարբերակները ներկայացուած են եւ մերժուած են, նոր բան արդէն պիտի չյօրինուի:
Ան նշած է, որ հարցին լուծումը կարելի է միայն երկու կողմերու փոխադարձ զիջման հիման վրայ, սակայն, ո՛չ հայկական, ո՛չ ազրպէյճանական հանրութիւնը պատրաստ են այդ զիջումին: Ան աւելցուց, որ ո՛չ Ալիեւ, ո՛չ Սարգսեան իրաւասութիւն ունին յաղթանակէն բացի այլ բան նախատեսող համաձայնագիր ստորագրելու: Ըստ անոր, այսպիսի պայմաններու մէջ բանակցութիւնները շարունակելը անիմաստ է, ատիկա միայն բանակցութիւններու պատրանք է: Եփիֆանցեւ առաջարկած է իրավիճակի հաւանական զարգացումը երկու դիպաշարով դիտարկել.
1) Մշակել միջազգային հանրութեան միասնական եւ աւելի կարծր դիրքորոշում, Մինքսի խմբակի կողքին, ՄԱԿ-ի աջակցութեամբ, կողմերը ստիպելու առաջարկուած տարբերակը իրագործելու: Ատիկա կրնայ ելք ըլլալ, թէեւ հաւանաբար Ռուսիոյ մասնակցութիւնը բացասաբար պիտի ընկալուի Հայաստանի կողմէ:
2) Հրաժարիլ բանակցութիւններու շարունակութենէն, յստակ արձանագրելով զինուորական ճամբով հարցը լուծելու անհրաժեշտութիւնը: Պիտի պահանջուի աշխուժ ազդեցութիւն հայկական եւ ազրպէյճանական հասարակութիւններուն վրայ` բացատրելու համար փոխադարձ զիջման անհրաժեշտութիւնը եւ հրաժարումը կարծր դիրքորոշումէն: Այսպիսի քարոզչութեան պարագային, քանի մը տարի ետք հասարակական մթնոլորտին մէջ փոփոխութիւններու վերաբերեալ ազդանշաններու առկայութեան պարագային բանակցութիւններուն կարելի է վերսկսիլ:
Ռուսիոյ, Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի նախագահներուն միջեւ Քազանի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումը աւարտեցաւ առանց Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին լուծման շուրջ հիմնարար սկզբունքներու մասին համաձայնութիւններու ձեռքբերման: «ՌԻԱ Նովոստի» կը հաղորդէ, որ կողմերը յառաջընթաց արձանագրած են այդ նպատակին հասնելու ճամբուն վրայ: «Պետութիւններու ղեկավարները արձանագրած են փոխադարձ ըմբռնման ձեռքբերում այն հարցերուն շուրջ, որոնց լուծումը կը նպաստէ հիմնարար սկզբունքներուն շուրջ համաձայնելու համար պայմաններու ստեղծման», կ՛ըսուի նախագահներու յայտարարութեան մէջ:
Փաստաթուղթին մէջ կ՛ըսուի, որ հանդիպման մասնակիցները դիտարկած են հիմնարար սկզբունքներու նախագիծին շուրջ համաձայնութեան գալու նպատակով իրականացուող աշխատանքներու ընթացքը:


