Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԻ ՄԷՋ ՀԻԱՍԹԱՓՈՒԹԻՒՆՆ ՈՒ ՅՈՌԵՏԵՍՈՒԹԻՒՆԸ ԽՈՐԱՑԱԾ ԵՆ

August 4, 2011
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միջազգային ճգնաժամային խմբակը հրապարակած է ամբողջ աշխարհի մէջ ընթացիկ եւ հաւանական տագնապներու վերաբերեալ իր յուլիս ամսուան հերթական զեկուցումը:

«Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ խմբակը կը նշէ, թէ աշխարհի մէջ տագնապներու շուրջ եօթը տասնեակ օճախ կայ, եւ ըստ զեկուցումին, ոչ մէկ տեղ իրավիճակի բարելաւում կ՛արձանագրուի, այդ սիւնակը դատարկ է:

«Վատթարացած իրավիճակներ» սիւնակին մէջ դասուած է ութ երկիր, միւս բոլոր տագնապներու շրջանները, որոնց շարքին` Հայաստանը, Ղարաբաղը, Ազրպէյճանը, դասուած են «Չփոխուած իրավիճակներ»ուն մէջ:

Կովկասեան շրջանին մէջ Հայաստանի մասին նշուած է, որ երեք կուսակցութիւններէ բաղկացած իշխող համախոհական կառավարութեան եւ ընդդիմադիր Հայ ազգային քոնկրեսին միջեւ քաղաքական բարեփոխումներու շուրջ քննարկումներու շարք մը սկսած է:

Ղարաբաղի մասին կը նշուի, որ Քազանի վեհաժողովէն նշանակալից յառաջընթաց կ՛ակնկալուէր, սակայն ատոր ձախողութենէն ետք խորացած են հիասթափութիւնն ու յոռետեսութիւնը` յատկապէս ազրպէյճանական կողմին մէջ:

Իսկ Ազրպէյճանի մէջ 4 յուլիսին Ազրպէյճանի եւ Իրանի սահմանապահներուն միջեւ զինեալ բախում տեղի ունեցած է: Զեկուցումին հեղինակները կ՛ենթադրեն, որ ազրպէյճանցիները պատահաբար անցած են Իրանի տարածք, որուն պատճառով ալ բախում տեղի ունեցած է եւ սպաննուած է ազրպէյճանցի սահմանապահ մը:

«Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ նաեւ, որ Ազրպէյճանի ներքաղաքական խնդիրներէն ուշադրութեան արժանացած են Ազրպէյճանի իսլամական կուսակցութեան ղեկավարի, այլ անդամներու, ինչպէս նաեւ ընդդիմադիր այլ կուսակցութիւններու գործիչներու դատավարութիւնները:

Նախորդը

ԱՆԴՐԱԴԱՌՆԱԼՈՎ ՍՈՒՐԻՈՅ ԻՐԱԴԱՐՁՈՒԹԵԱՆՑ. «ԱՆ ՈՐ ՎԱՅՐԱԳՈՒԹԻՒՆ ԿԸ ԳՈՐԾԷ, ՄԵՐ ԲԱՐԵԿԱՄԸ ՉԻ ԿՐՆԱՐ ԸԼԼԱԼ» Կ՛ԸՍԷ ԱՐԸՆՉ

Յաջորդը

«ԷՐՏՈՂԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՎԵՐԱԲԵՐԵԱԼ ԻՐ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ ՅԱՐՁԱԿՈՂԱՊԱՇՏ ԴԱՐՁԱԾ Է» ԿԸ ԳՐԷ «ՆԻՒ ԵՈՐՔ ԹԱՅՄԶ»

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.