Ներկայիս արհեստագիտական նորարար սրընթաց զարգացումները այնքան մատչելի ու հեզասահ կ՛ընթանան, որ կը խթանեն հասկցողն ու չհասկցողը` խուժելու այս «դաշտը» եւ, իրենց կարգին, իրագործում մը արձանագրելու: Տասնամեակներ առաջ նման երեւոյթ չկար: Աւելի՛ն. արհեստագիտական, յատկապէս` գիտական, մարզը իմաստուն հետախուզողներուն վերապահուած էր` մարտահրաւէրի վերածելով որեւէ ուշագրաւ իրագործումի արձանագրութիւնը:
Աշխարհի առաջին ու միակ հայկական համալսարանը նկատուող Հայկազեան քոլեճի (օրին այդպէս կը կոչուէր) ուսանողութիւնը նախաձեռնութիւնը ունեցաւ «ընդունելու» նման մարտահրաւէր ու յանձինս իրենց հմուտ հետախուզող դասախօս փրոֆ. Մանուկ Մանուկեանին` ապրիլ 1961-1969 հնարեցին, կազմեցին ու արձակեցին տարբեր չափերով քսան հրթիռներ` պատմական իրագործումի նախընթաց մը արձանագրելով Լիբանանի, սփիւռքահայութեան ու Միջին Արեւելքի համար:
Այս առումով, լիբանանահայ «Հնարդի մշակութային հարթակ»-ը, գործակցաբար Հայկազեան համալսարանին, շաբաթ, 29 նոյեմբեր 2025-ի երեկոյեան ժամը 5:00-8:00 կազմակերպեց յատուկ ձեռնարկ մը` համալսարանի «Մաթոսեան» սրահին մէջ, նուիրուած փրոֆ. Մանուկեանի նախաձեռնած «Հայկազեան քոլեճի հրթիռի ընկերակցութեան» (Haigazian College Rocket Society-HCRS) 65-ամեակին:
«Մանուկ Մանուկեան. Տիեզերագնացութեան երազ մը» խորագրեալ յուշ երեկոյին բացումը կատարեց «Հնարդի»-ի հիմնադիր զոյգէն Թամար Մկրեան, որ ողջունելէ ետք ներկաները հայերէն եւ ապա անգլերէն լեզուներով` թուեց յայտագիրին հիմնական բաժինները:
Ան սեղմ գիծերու մէջ անդրադարձաւ «Հայկազեան քոլեճի հրթիռի ընկերակցութեան» հիմնադրութեան եւ անոր յաջորդած քայլերուն` դրական գնահատելով փրոֆ. Մանուկեանին նախաձեռնութիւնը:
Այս առիթով նախկին լիբանանահայ, հանրածանօթ դերասանուհի Արսինէ Խանճեան տեսերիզի միջոցով կարճ խօսք մը յղեց անգլերէնով` բարձր գնահատելով փրոֆ. Մանուկեանին նախաձեռնութիւնը, զայն որակելով «անակնկալ յայտագիր»: Անդրադառնալէ ետք փրոֆ. Մանուկ Մանուկեանի կենսագրական կարգ մը գիծերուն, Ա. Խանճեան դիտել տուաւ նախաձեռնութեան ստեղծագործ մտայղացքը, որ կը բախէր գիտական ու ակադեմական ոլորտի դռները, շեշտելով անոր ձգած կարեւոր ներուժն ու դրոշմը` տեղական ու միջազգային շրջանակներու եւ յատկապէս սփիւռքահայութեան վրայ:
Ապա ցուցադրուեցաւ «Հնարդի»-ի պատրաստած հայ հանճարներու նուիրուած «Հնարամիտներ» խորագրեալ հերթերիզի երախայրիքը` յատկացուած փրոֆ. Մանուկ Մանուկեանի յիշատակին: Այս առիթով հայերէն թէ անգլերէն լեզուներով իրենց սրտի խօսքն ու վկայութիւնները եւ կարծիքները ներկայացուցին` Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան, դերասանուհի Արսինէ Խանճեան, համալսարանի հանրային կապերու պատասխանատու Միրա Եարտըմեան, «Հայկազեան քոլեճի հրթիռի ընկերակցութեան» անդամ Էտուար Չամիչեան եւ «Լիբանանի հրթիռներու ընկերակցութիւնը» (Lebanese Rocket Society) խորագրեալ վաւերագրական ժապաւէնի բեմադրիչներ Խալիլ Ժըրէյժ-Ժոաննա Հաճիթոմաս ամոլը: Ուշագրաւ է, որ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան իր խօսքին մէջ նշեց, թէ ինչպէ՛ս 2010 թուականին կապ պահած է Հայկազեանի հանճարին` փրոֆ. Մանուկ Մանուկեանին հետ, ու այնուհետեւ հաղորդակցութիւնը շարունակուած է մինչեւ փրոֆ. Մանուկեանի մահը: Վեր. դոկտ. Հայտոսթեան 2000 թուականին կապ պահած է լիբանանեան բանակի բարձրաստիճան պատասխանատուներէն զօրավար Եուսուֆ Ուահպէի հետ` անոր յիշեցնելով Հայկազեանի հրթիռարձակման իրագործումը եւ մէջբերելով զօրավարին պատգամը, որ կ՛ըսէր. «Հիմա դո՛ւք էք հրթիռը»:
Յարութ Չէքիճեանի «Հայ Մասնագէտները,
Հրթիռները Եւ Անջրպետը Հայկազեանի
Հրթիռները 1961-Էն 1969» Խորագրեալ
Գիրքի Շնորհահանդէս
«Հնարդի»-ի հիմնադիր քոյրերէն Լիլիթ Մկրեան խօսք առնելով` ազդարարեց Հայկազեան համալսարանի եւ փրոֆ. Մանուկեանի ուսանողներէն նորոգ հանգուցեալ հետազօտող, գրող, մտաւորական Յարութ Չէքիճեանի «Հայ մասնագէտները, հրթիռները եւ անջրպետը Հայկազեանի հրթիռները 1961-էն 1969» խորագրեալ գիրքի շնորհահանդէսին մեկնարկը: Ան առաջին հերթին խօսքը տուաւ «Հայկազեան համալսարանի սփիւռքի ուսումնասիրութեան կեդրոն»-ի տնօրէն, «Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս»-ի պատասխանատու խմբագիր, Հայկազեան համալսարանի դասախօս դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեանին:
2025-ին առաջին տպագրութեամբ լոյս տեսած 156 էջերէ բաղկացած գիրքի խմբագիր դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան անդրադարձաւ նշեալ գիրքի հրատարակութեան պայմաններուն` ցաւ յայտնելով, որ հեղինակը` Յարութ Չէքիճեան, իր մահկանացուն կնքած է, «երբ գիրքը մամուլի տակ էր»: Ան յայտնեց, թէ այս հրատարակութիւնը ցարդ միակ գիրքն է, որ անդրադարձած է Հայկազեանի հրթիռներուն: Դոկտ. Տագէսեան, իր կարգին, շեշտեց, որ պէտք է պրպտել ու մէկտեղել նշեալ հրթիռներու մասին ցարդ չհրապարակուած տեղեկութիւնները: Ան խիստ գեղեցիկ նկատեց հեղինակին անհատական նախաձեռնութիւնը` յօդուածաշարքով ու գիրքով հրապարակելու Հայկազեանի հրթիռներուն մասին ցարդ ձեռնտու գրեթէ բոլոր տեղեկութիւնները, մաղթելով, որ Չէքիճեանի այս քայլը վարակիչ դառնայ:
Խօսք առաւ նաեւ հանգուցեալ հեղինակին եղբայրը` ճարտարապետ Վազգէն Չէքիճեան, որ պատկերներու ճամբով փոխաբերական ոճով անդրադարձաւ իր եղբօրը` հանգուցեալ Յարութ Չէքիճեանի նկարագրային գիծերուն եւ անոր իրագործումներուն, գործունէութեան, վարած պաշտօններուն եւ այլ յատկութիւններուն: Ան թուեց հանգուցեալին գործունէութիւնը այլ կառոյցներու մէջ եւս, յատկապէս` ՀՄԸՄ-ի:
Այս առիթով խօսք արտասանեց նաեւ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան, որ անդրադարձաւ գիրքի կարեւորութեան` հայ թէ ոչ հայ հասարակութեան մօտ: «Այսօր ընդհանրապէս մարդիկ կ՛ուզեն տեղ հասնիլ առանց ջանք թափելու», ըսաւ դոկտ. Հայտոսթեան` շեշտելով աշխատելու եւ ճգնելու անհրաժեշտութիւնը: Ան կոչ ուղղեց դուրս գալու «Մենք մեզմէ քիչ ակնկալելու ախտէն» եւ ըսելու` «Մենք կրնանք շատ բան ընել»: Այս գծով վեր. դոկտ. Հայտոսթեան նշեց «Պի.Պի.Սի. մակազին»-ի մէկ խիստ կարեւոր, գիտական ոճով գրուած յօդուածը` Հայկազեանի հրթիռարձակման իրագործումին մասին: Ան նաեւ թելադրեց, որ գիրքն ու անոր հեղինակը` հանգուցեալ Յարութ Չէքիճեան անձը միայն յիշողութիւն չըլլան:
Գիրքի վաճառքին զուգահեռ, ներկաները հրաւիրուեցան դիտելու Խալիլ Ժըրէյժ-Ժոաննա Հաճիթոմաս ամոլին կողմէ պատրաստուած Հրթիռներու միութեան մասին ժապաւէնը, որ մէկուկէս ժամ տեւողութեամբ օգտաշատ տեղեկութիւններ տուաւ ժապաւէնի պատրաստութեան եւ Հրթիռներու միութեան կազմութեան ու գործունէութեան պայմաններուն մասին:
«Հնարդի Մշակութային Հարթակ»
Անձնական նախաձեռնութեամբ Լիլիթ եւ Թամար Մկրեան քոյրեր գեղեցիկ գաղափարը ունեցած են երեք տարի առաջ հիմնելու «Հնարդի մշակութային հարթակ»-ը, որ կը միտի կեդրոնանալ հիմնականին մէջ հայկական մշակութային, ընկերային թէ աւանդական դէպքերու եւ դէմքերու (Վարդավառ, Ամանոր, Բարեկենդան, Թլկատինցի…) վերակենդանացման ու պահպանման: Հինն ու արդին, անցեալն ու ներկան զիրար կամրջող այս հարթակը կը կազմակերպէ ու կը ներկայացնէ տարեկան, յատկապէս` տօնական օրերուն, նուազագոյնը մէկ առցանց թէ անձամբ ձեռնարկ:
«Ազդակ»-ի հետ մտերմիկ զրոյցի պահուն «Հնարդի»-ի հիմնադիրներէն Լիլիթ Մկրեան նշեց, որ հարթակը կը գործէ խումբ մը նուիրեալ ու աշխուժ երիտասարդներու գործօն մասնակցութեամբ: Այս հարթակի ստեղծման գաղափարը ծագած է` մեկնելով սփիւռքի մէջ հայերէնով արտայայտուելու դժուարութեան երեւոյթէն: Այս առնչութեամբ անցնող ապրիլ ամսուան ընթացքին կազմակերպած են արեւմտահայերէնի վերակենդանացման ու պահպանման յատկացուած ձեռնարկ: Ընթացքի մէջ է հայ հանճարներու յատկացուելիք «Հնարամիտներ» հերթերիզի ծրագիրը, որուն առաջին հանճարը կը նկատուի փրոֆ. Մանուկ Մանուկեան: Ձեռնարկները կը ներկայացուին անվճար, սակայն անոնց պատրաստութիւնը վստահաբար կը կարօտի համեստ դրամագլուխի: Իսկ մեկենաս բարերարները կ՛որոշուին` ըստ անոնց հեռանկարներու զուգորդութեան ու յարմարութեան` «Հնարդի»-ի տեսլականներուն: Այս ծիրին մէջ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութիւնը վերջերս յատուկ դրամաշնորհ յատկացուցած է «Հնարդի»-ի մէկ ծրագիրի իրագործման համար:
Պատասխանելով այս հարթակին դիմագրաւած դժուարութիւններուն եւ յառաջիկայ ծրագիրներուն մասին հարցումին` Լիլիթ Մկրեան յայտնեց, որ հիմնական դժուարութիւնը երիտասարդներու մասնակցութեան եւ ներգրաւման հարցն է: Յառաջիկայ ծրագիրներու մասին ան յայտնեց, թէ որոշած են յաջորդ ամրան կազմակերպել աննախընթաց ձեռնարկ մը: Մկրեան յիշեց, որ տօնական օրերուն հարթակին անդամները կը շրջին եւ անուշեղէնի անվճար հիւրասիրութիւն կը կատարեն բնակիչներուն:
Փրոֆ. Մանուկ Մանուկեան
1960 թուականի նոյեմբերին Մանուկեան հիմնեց Հայկազեան հրթիռային միութիւնը, որուն յաջող փորձարկումներէն ետք միութիւնը նիւթական օժանդակութիւն ստացաւ լիբանանեան կառավարութենէն եւ անուանակոչուեցաւ «Լիբանանի տիեզերական միութիւն»: Նշեալ միութեան անդամները 1961-1969 հնարեցին, կազմեցին ու արձակեցին տարբեր չափերով քսան հրթիռ` արձանագրելով պատմական իրագործումի նախընթաց մը:
«Կեդար IV» կոչուած հրթիռը արձակուեցաւ 21 նոյեմբեր1963-ին, Լիբանանի անկախութեան օրը, Պէյրութէն հիւսիս գտնուող տարածքէն բարձրանալով մինչեւ140 քմ: Այդ իրադարձութիւնը ներկայացուած է Լիբանանի օրուան դրոշմաթուղթերուն վրայ:
1935-ին Երուսաղէմ ծնած ու ապա դասախօսի պաշտօնով Լիբանան ժամանած Մանուկեան 1966 թուականին վերադարձաւ Միացեալ Նահանգներ եւ Թեքսասի համալսարանէն արժանացաւ իր դոկտորական աստիճանին եւ շարունակեց իր գիտական գործունէութիւնը Հարաւային Ֆլորիտայի համալսարանին մէջ: Ան երկար ատեն վարեց այդ համալսարանի բնագիտութեան եւ ուսողութեան ամպիոնի վարիչ-փրոֆեսէօրի պաշտօնը: Ան նաեւ հանդիսացած է նշեալ համալսարանի «Օդագնացութեան եւ հրթիռներու ճարտարապետական ընկերութեան» խորհրդատուն:
Գիտական ու ակադեմական իր բեղուն գործունէութեան կողքին, փրոֆ. Մանուկ Մանուկեան աշխուժ ներդրում ունեցած է նաեւ ազգային, յատկապէս Հայ դատի առումով: Արդարեւ, ան սերտօրէն մասնակցած է Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման գործընթացին: Ան նաեւ հանդիսացած է «Ցեղասպանութեան գործօնը. մարդկային ողբերգութիւն» խորագրեալ չորս ժամ տեւողութեամբ փաստագրական ժապաւէնի համահեղինակ, որ ցուցադրուած է ամերիկեան «Փի.Պի.Էս.» (PBS) հեռատեսիլի կայանէն:
Խաղաղասէր տեսլականով` փրոֆ. Մանուկ Մանուկեան մէկէ աւելի առիթներով խուսափած եւ մերժած է ընդառաջել ռազմական հեռանկարներով յատկանշուող գործունէութեան հրաւէրներու:


