Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ շնորհաւորական ուղերձ մը յղած է Հռոմի Ֆրանչիսկոս պապին, անոր գահակալութեան տարեդարձին առիթով:
«Լիայոյս եմ, որ Ձեր աստուածահաճոյ ծառայութիւնն ու հոգածութիւնը իրենց նպաստը կը բերեն այս դժուար օրերուն ամբողջ աշխարհի մէջ խաղաղութեան, բարութեան եւ հանդուրժողականութեան հաստատման: Հայաստան բարձր կը գնահատէ Սուրբ Աթոռին հետ տարբեր մարզերու մէջ առկայ կառուցողական երկխօսութիւնն ու քրիստոնէական նոյն ակունքի արժէքներու համակարգէն սերող բազմաբովանդակ երկկողմ կապերու ընդլայնումը:
«Մեծապէս կ՛ակնկալենք, որ միշտ բարձր մակարդակի երկխօսութեամբ յատկանշուող մեր իւրայատուկ յարաբերութիւնները կը շարունակեն իրենց վերընթաց զարգացումն ու ամրապնդումը համագործակցութեան այն բարի աւանդութիւններով, որոնք ձեւաւորուած են Հայաստանի եւ Սուրբ Աթոռին միջեւ:
Կը մաղթեմ Ձեզի քաջառողջութիւն եւ անսպառ կորով: Ընդունեցէք խնդրեմ, Ձերդ սրբութիւն, խորին յարգանքներուս հաւաստիքը», ըսուած է Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին շնորհաւորական ուղերձին մէջ: