Ասիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը հաղորդեց, որ Ասիոյ ֆութպոլի 2019-ի բաժակի մրցաշարքը տեղի պիտի ունենայ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն մէջ, որոնք իրենց մղած պայքարին մէջ յաղթեցին Իրանին:
Նշենք, որ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները առաջին անգամ ըլլալով կը հիւրընկալեն ազգային մակարդակով կարեւորագոյն մրցաշարք մը: