Հոլանտայի ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 28-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, Այաքս Ամսթերտամի Բ. խումբը 3-1 արդիւնքով յաղթեց Ալմեր Սիթիին, որուն մաս կը կազմէ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Նորայր Ասլանեան:
Այս մրցումին վերջին կոլը նշանակեց նոյնինքն Ասլանեան, որ յաջողեցաւ ցնցել Այաքսի բերդին ուռկանը` 77-րդ վայրկեանին: Նշենք, որ ան դաշտ ներկայացած էր իր նշանակած կոլէն մէկ վայրկեան առաջ:
Այս հանգրուանէն ետք, այժմ Ալմեր Սիթի 41 կէտով կը գրաւէ 11-րդ դիրքը: