Ռուսիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 18-րդ հանգրուանի ծիրին մէջ Ամքար, որ հիւրընկալեց Թորփետօ Մոսկուան, 0-0 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց անոր հետ:
Անկախ մրցումին արդիւնքէն, այս մրցումը յատկանշական եղաւ այն իմաստով, որ Ամքարի հետ դաշտ ներկայացած Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յետսապահ Ռոպերթ Արզումանեան իր նորամուտը նշեց Ռուսիոյ «Փրեմիեր լիկ»-ին մէջ, կը յայտնէ ArmSport.am:
Իր արձանագրած այս հաւասարութենէն ետք այժմ Ամքար 13 կէտով կը գրաւէ 13-րդ դիրքը: