Նախորդ շաբաթ, մասնակցութեամբ լիբանանեան ութ համալսարաններու, տեղի ունեցաւ 2015-ի միջհամալսարանական թենիսի մրցաշարք մը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին 24 թենիս խաղացողներ, որոնք կը ներկայացնէին տարբեր համալսարաններ:
Բաւական սուր պայքարէ ետք Հայկազեան համալսարանը տիրացաւ տիտղոսին, երբ անոր ուսանողներէն Մոհամետ Թեննիր տիրացաւ առաջնութեան` աւարտականին յաղթելէ ետք Ալի Այտիպիի, 9-6 արդիւնքով: Կիսաւարտականին Թեննիր յաղթեց Միշել Զղէյպի:
Այս տիտղոսին տիրանալով` այսպիսով Մոհամետ Թեննիր իրաւունք ստացաւ մասնակցելու «Իւնիվերսիատ-2015»-ի մրցաշարքին, որ տեղի պիտի ունենայ Հարաւային Քորէայի մէջ եւ ուր ան պիտի ներկայացնէ Լիբանանը:
Աւարտականին իր կատարած այդ մրցումէն ետք Թեննիր իր տիտղոսը ստացաւ թենիսի մրցաշարքի պատասխանատու Եուսեֆ Զէյնէն:
Այս առիթով Հայկազեան համալսարանը շնորհաւորեց Թեննիրի կատարած այս իրագործումը` անոր մաղթելով նորանոր յաջողութիւններ յառաջիկային տեղի ունենալիք մրցաշարքերուն գծով: