«Լա լիկա»-ի 26-րդ հանգրուանին իր կատարած մրցումին, Պարսելոնա, որ նախորդ շաբաթավերջին յաղթեց Ռայօ Վայեքանոյին, համակիրներու թիւի իմաստով այս տարեշրջանին նոր մրցանիշ մը հաստատեց:
«Նու Քամփ»-ին մէջ տեղի ունեցած այս մրցումին ներկայ գտնուեցան 87 հազար հանդիսատեսներ: Մինչեւ հիմա այս տարեշրջանին համակիրներուն թիւը այսչափ չէր եղած:
Համակիրներու թիւին բարձրացումը արձանագրուեցաւ շատ հաւանաբար այն պատճառով, որ մրցումը սկսաւ կանուխ եւ անոր ներկայ գտնուեցան բազմաթիւ փոքր տարիքի համակիրներ:
Կը կարծուի, որ 22 մարտին Ռէալ Մատրիտի դէմ տեղի ունենալիք մրցումին դաշտը ամբողջութեամբ պիտի լեցուի:
Նշենք, որ Պարսելոնայի դաշտը կրնայ հիւրընկալել 99,787 հանդիսատես:


