Յունաստանի ֆութպոլի ախոյեանութեան 27-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, Քերքիրա 1-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց` պարտութեան մատնելով Փանայթոլիքոսը:
Մրցումին միակ կոլը նշանակեց (17-րդ վայրկեանին) Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Գէորգ Ղազարեան:
ArmSport.am աւելցուց նշելով, որ Ղազարեան այս տարեշրջանին սկսաւ Օլիմփիաքոսի հետ, սակայն աւելի ուշ փոխ տրուեցաւ Քերքիրային: Նշենք, որ ան իր առաջին կոլը կը նշանակէր Յունաստանի ֆութպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ:
Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք: Քերքիրա ապահովելով 37 կէտ բարձրացաւ 8-րդ դիրք, մինչ Փանայթոլիքոս 42 կէտով կը գրաւէ 5-րդ դիրքը:


