Իր լուրը քաղելով ռուսական Sport-express.ru կայքէն` ArmSport.am յօդուածով մը կ՛անդրադառնայ բերդապահ Դաւիթ Եուրչենքոյի կատարած մէկ յայտարարութեան:
Եուրչենքօ, որ մաս կը կազմէ ՈՒՖԱՅի, Տինամօ Մոսկուայի դէմ Ռուսիոյ «Փրեմիեր լիկ»-ի ախոյեանութեան գծով (18-րդ հանգրուան) իր մրցումէն ետք կատարած է հետեւեալ յայտարարութիւնը.
«Եթէ պատահի, որ ներկայ դրութեամբ միանամ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին, ատիկա պիտի խանգարէ Ռուսիոյ «Փրեմիեր լիկ»-ին մէջ ընդգրկուող օտարականներուն սահմանափակումը:
«Կը խնդրեմ, որ այդ հարցը յետաձգուի մինչեւ ամառ: Այժմ ակումբին հարցը աւելի կարեւոր է: Յառաջիկային կը քննարկենք եւ կը խօսինք Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին ներկայացուցիչներուն հետ:
«Որոշումս նախ եւ առաջ կապուած է օտար մարզիկներու սահմանափակումին հետ: Ես ռուսական անձնագիր ունիմ եւ այդ պատճառով իբրեւ օտարական նկատի չեմ առնուիր: Սակայն, այդ սահմանափակումը կրնայ փոխուիլ»: