
Թրքական «Թաքվիմ» պարբերականը կը հաղորդէ, որ ըստ տեղեկութեանց, Բրիտանիոյ Չարլզ իշխանը իր որդիին` Հարի իշխանին հետ պիտի այցելէ Չանաքքալէ` ներկայ գտնուելու համար Կալիփոլիի ճակատամարտին նուիրուած տօնակատարութիւններուն: Բրիտանիոյ արքայական ընտանիքի ներկայացուցիչները Թուրքիա պիտի այցելեն 24-25 ապրիլին:
Էլիզապեթ Բ. թագուհին պիտի չմեկնի Չանաքքալէ եւ փոխարէնը պիտի մասնակցի Լոնտոնի մէջ տեղի ունենալիք ձեռնարկին:
Կը հաղորդուի նաեւ, որ այդ օրերուն Բրիտանիան Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակի արարողութեան մասնակցելու համար կառավարութեան ներկայացուցիչ պիտի ուղարկէ Երեւան:


