Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դպրեվանքը 85-Ամեայ Առաքելութեան Ընդմէջէն (8). Նկարագիրի Դարբնոց

March 7, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԿԱՐՕ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԵԱՆ

11015611_10153220354332873_870344174_o1962-ին, երբ աւարտեցի ազգ. «Եփրեմեան» վարժարանը (հետագային`«Չաթալպաշեան»), որ աւելի ծանօթ էր «Ս. Յակոբ» վարժարան անունով (նոյնանուն եկեղեցւոյ կից ըլլալուն պատճառով), ես կ՛ուզէի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Անթիլիասի վանքը յաճախել եւ կղերական կարգ ընդունիլ: Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ դպրաց դասին մաս կը կազմէի տարիներ շարունակ. եկեղեցական կեանքը կը սիրէի շատ:

Նոյն ատեն գայլիկ էի: Կիրակի օրուան մեր արշաւ-հաւաքոյթները պարբերաբար կը կատարէինք Անթիլիասի Այն-Նապի կոչուած լերան վրայ, Ֆաուարի մօտ: Կիրակի օր մը, կէսօրէ ետք, մեր պատասխանատուները գայլիկներս տարած էին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Զարեհ Ա. վեհափառ հայրապետին մօտ` աջահամբոյրի: Աւելի առաջ տեսած էի զինք հեռուէն: Շատ խոր ազդեցութիւն ձգած էր վրաս վեհափառը, երբ մօտէն դիտած էի զինք:

Մեր Ս. պատարագը, զանազան առիթներու եկեղեցական արարողութիւնները եւ շարականները բարերար դեր կատարած են մարդու եւ հայու իմ կազմաւորումիս վրայ: Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ դպրաց դասին մաս կը կազմէր նաեւ Մինաս Ազնաւորեանը, որ ինձմէ քանի մը տարեկան մեծ էր: Ես դասընկեր էի իր կրտսեր եղբօրը` Նշանին: Յաճախ կ՛այցելէի իրենց, «Բաղնիքին բակը – Հաւուշը», որ կը գտնուէր Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ ետեւի կամ «Ազատամարտ» ակումբի կից թաղը. է՜ր երբեմն, զուտ հայաբնակ թաղ մը: Նշանին հետ կը տեսնէի նաեւ Մինասը, որ կարծէք այդ տարիքին արդէն կղերական ձեռնադրուած էր: Այո՛, ի ծնէ կղերական էր ան: Սկիհ, խաչ, եկեղեցի, Յիսուս կը գծէր: Իրենց տան պատերը զարդարուած էին նմանօրինակ նկարներով` իր կողմէ գծուած: Մինչդեռ մենք «դպրոց-դպրոց» կամ «տուն-տուն» կը խաղայինք, ինք «եկեղեցի-եկեղեցի» կը խաղար: Վերմակ մը առած իր ուսին` «պատարագ» կը մատուցէր, զոյգեր կը պսակէր, եկեղեցական զանազան արարողութիւններ կը կատարէր: Պէտք է ըսել, թէ «հաւատացեալներու» խումբ մը ներկայ կ՛ըլլար իր «պատարագին» եւ մտիկ կ՛ընէր անոր «քարոզները»:

Քանի մը դասընկերներով, որոնք մաս կը կազմէին Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ դպրաց դասին, Մինասը` ներառեալ, որոշեր էինք դպրեվանք յաճախել եւ կղերական ըլլալ: Այդ ծիրին մէջ, Ազգ. «Եփրեմեան» վարժարանը աւարտելէ ետք Մինաս Ազնաւորեանը սկսաւ յաճախել Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքը, որ այդ օրերուն կը գտնուէր կաթողիկոսարանի շրջափակին մէջ: Արձակուրդներուն կը հաւաքուէինք իրենց տունը եւ ինք խանդավառութեամբ կը պատմէր դպրեվանքի ներքին կեանքին, դասերուն եւ ուսուցիչներուն մասին: «Բերնէն կը կախուէինք», ինչպէս կ՛ըսէ մեր ժողովուրդը:

Շատ չանցած, Մինասը ընդունեց կղերական կարգ եւ եղաւ Զարեհ աբեղայ` հասնելով մինչեւ արքեպիսկոպոսի աստիճան, լո՜յս իր հոգիին:

Իմ կարգիս, նախակրթութիւնս աւարտելէ ետք, ըստ մեր որոշումին, ուղղուեցայ Անթիլիաս: Ծնողքիս յայտնեցի իմ ծրագիրս: Հայրս ամբողջովին հակառակեցաւ եւ արգելք եղաւ իմ մտադրութեանս: Պատճառ ունէր. որբ էր, «ծառէն կտրուած», ինչպէս կ՛ըսեն: Կ՛ուզէր, որ իր գերդաստանը շարունակուէր. այսինքն, ընտանիք կազմենք, զաւակներ ունենանք:

1960-ական թուականներու ընտանեկան-ընկերային արժէքները նոյնը չէին ինչ որ են այսօր: Հսկայական փոփոխութեան ենթարկուած են ծնողք-զաւակ յարաբերութիւնները: Ես անսացի հօրս խօսքին եւ յաճախեցի այլ վարժարան:

Դպրեվանք յաճախելու ծրագիրը թաղեցի սիրտիս մէջ: Յաճախ կ՛ելլէի Ժեհթաուիի բարձր շէնքերէն մէկը եւ հեռուէն կը դիտէի Անթիլիասի մայրավանքը: Միտքովս կը փոխադրուէի հոն, հայրս անշուշտ արգելք չէր կրնար ըլլալ երեւակայելու իմ թռիչքիս, որուն բնականաբար տեղեակ չէր: Երբեմն ժամերով աչքերս սառած կը մնային մայրավանքին եւ անոր շուրջ գտնուող նարինջի ընդարձակ պարտէզներուն վրայ, որոնք ժամանակի թաւալումին հետ շատ մեծցան եւ վերածուեցան շէնքերու: Ժամանակ մը ետք մայրավանքը շրջապատուեցաւ բազում շինութիւններով: Այն ատեն, «անոր պատկերը սիրտիս մէջ եւ ձայնը ականջիս կը թրթռային» մէջս յաճախ:

* * *

Անցան տարիներ:

1980-ական թուականներու գրեթէ վերջաւորութեան, դպրեվանքի  այդ օրերու տեսուչ հայր սուրբը առաջարկեց ինծի, որ դասաւանդեմ դպրեվանքին մէջ: Ըսաւ` «Մտածէ՛»: Լիբանանի քաղաքացիական կռիւներու վերջին տարիներն էին: Անմիջապէս ընդունեցի առաջարկը: Մտածելու պէտք չունէի: Դպրեվանք յաճախելու փափաքս, որ թաղած էի սիրտիս մէջ, յարութիւն առաւ: Աշակերտ պիտի ըլլայի դպրեվանքին մէջ. ուսուցիչ եղայ: Անկէ ասդին, քանի մը տարուան ակամայ ընդմիջումէ ետք, կը շարունակեմ ուսուցչութիւնը դպրեվանքին մէջ: Եւ ամէն անգամ, երբ ոտք կոխեմ դպրեվանքի սեմէն ներս, արտասովոր զգացում մը կը լեցնէ ողջ էութիւնս:

«Նորավէպի իշխանը»` Գրիգոր Զօհրապ Արփիար Արփիարեանի կենդանագիրը ներկայացնելու ատեն «Ծանօթ դէմքեր»-ու շարքին մէջ կը գրէ, ի շարս այլ բաներու. «[Արփիարեան] Ս. Ղազարի մէջ վարդապետ չէ կրցած ըլլալ, բայց աշխարհական ալ մնացած չէ»: Առանց արժէքներու մէջ բաղդատութիւն ընելու, որովհետեւ չեմ հասնիր Արփիարեանի ծունկին իսկ, կրնամ ըսել, թէ կղերական չեղայ, աշխարհական եմ, բայց իմ հոգեկան եւ մտային աշխարհս կը թաւալի Քրիստոսի ուսմունքին մէջ: Որքա՜ն շոյուած կը զգայի ինքզինքս, իրապէս կը հրճուէի, երբ դպրեվանքի ընծայարանականները «անվեղար կղերականը» կ՛ըսէին ինծի, ինչպէս ըսած են անցած-գացած կարգ մը ուսուցիչներու:

* * *

Եւ այսօր, երբ կ՛ոգեկոչենք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքի հիմնադրութեան 85-ամեակը, չենք կրնար առանց խոնարհելու մօտենալ անոր բազմաբեղուն վաստակին ու գործունէութեան: Անհնար է մանաւանդ չհպարտանալ անոր հոյակապ աշխատանքին ի տես:

Ի՞նչ կրնար ըլլալ դպրեվանքը, որ չեղաւ:

Հայրենի հողէն դուրս, հոգեւոր հայրենիք մը եղաւ, որ հոգի եւ սնունդ տուաւ հայրենի հողին յիշատակով: Զօրաւոր կերպով դարբնեց հայրենիքի գաղափարը պատասխանատուութիւններ ստանձնելու յանձնառութեան մէջ եղող տղոց ուղեղներուն մէջ: Հայրենիք բուրող այդ մթնոլորտին մէջ ահա պատրաստուեցաւ եւ կը շարունակէ պատրաստուիլ հոյլ մը կղերականութիւն, որ դպրեվանքին դրօշը բարձր բռնած` կը քալէ անոր բացած արահետէն:

Ի՞նչ կրնար ըլլալ դպրեվանքը, որ չեղաւ:

Շնորհիւ հիմնադիրներու հոգիի խորութեան եւ տեսլականի ընդարձակութեան` դպրեվանքը առաջին օրէն ունեցաւ եւ այնուհետեւ շարունակեց ունենալ իրեն ներկայացող խմորները աճեցնելու ոգի մը. ահա՛ թէ ինչու աւելի շատ եղաւ ներշնչարան մը, քան ընթացիկ հասկացողութեամբ դպրոց մը: Այդ է պատճառը վստահաբար, որ միտքի եւ հոգիի ասպարէզներու մէջ ունեցաւ մեծ անհատականութիւններ: Վարժապետանոց մը չեղաւ, բայց մեծապէս եւ լիովին գոհացում տուաւ ուսուցչական եւ մանկավարժական ասպարէզին մէջ փափաք եւ կոչում ունեցողներուն եւ հասցուց ուսուցիչներու հսկայ բանակ մը` հայատրոփ կշռոյթով առաջնորդուող, ազգային ծառայութեան ի խնդիր:

Ի՞նչ կրնար ըլլալ դպրեվանքը, որ չեղաւ:

Իւրաքանչիւր վայրկեանը եղաւ ան սփիւռքահայութեան հետ առհասարակ եւ լիբանանահայ գաղութին` յատկապէս: Ամբողջ 85-ամեակ մը իր անխափան գործունէութեամբ, 85-ամեայ անցեալ մը ձգեցիր ետին` միշտ պայծառ տեսլականով առաջնորդուող: Ահա այս արժանիքով է, որ դպրեվանքը դպրեվա՛նք եղաւ:

Եւ եղաւ, յատկապէ՛ս, ուրոյն նկարագիրի դարբնոց:

Չսահմանափակուեցաւ միայն գիտելիքներ փոխանցելով եւ միտք զարգացնելով:

Եղաւ հոգիներու կերտիչ եւ նկարագիրի հնոց:

Նկարագիր, որ առաջին եւ հիմնական ստորոգելին է, որ կը պահանջուի հանրային պատասխանատուութեան կանչուած ոեւէ անհատէ, աշխարհական թէ կղերական:

Ամուր նկարագիր, որուն առջեւ կը խոնարհին բոլոր կեղծ աստուածները:

Ի՞նչ կրնար տալ դեռ դպրեվանքը, որ չտուաւ:

Բայց այսքանը բաւարար չէ՞ արդեօք լիովին արժեցնելու իր 85-ամեայ առաքելութիւնը` սփիւռքի իրերայաջորդ տասնամեակներու տատանումներուն, ցնցումներուն, քաղաքական աննպաստ կացութիւններուն եւ ազգային կեանքին մէջ արձանագրուած թոհուբոհին դիմաց:

* * *

Եւ այսօր, թէեւ` 85 տարեկան, բայց աշխուժ եւ մշտանորոգ քայլերով դպրեվանքը կը թեւակոխէ դէպի մէկ դար տանող իր մէկուկէս տասնամեակը:

Չենք մարգարէանար, երբ յայտնենք, թէ անցնող ժամանակաշրջանէն աւելի դժուար պիտի ըլլայ գալիքը: Ամբողջ աշխարհը այսօր կը գտնուի յարատեւ զօրաշարժի մէջ, որովհետեւ նորութիւններն ու յեղաշրջումները կը գերազանցեն զիրար` գլխուպտոյտ պատճառելով բոլորին: Իր 85-ամեայ անցեալը յաջողութեամբ աւարտած դպրեվանքը որքանո՞վ պիտի յաջողի յստակացնել ապագան եւ պայծառ դիմագիծով դիմակալել բոլոր մարտահրաւէրները: Որքանո՞վ պիտի յաջողի ան համաշխարհային եւ հայկական արժէքները համադրելու իր փորձին մէջ:

Այս բոլորին դիմաց, ինքնապաշտպանութեան եւ հարցերը դիմակալելու երկու տեսակ զէնքեր կան, որոնք գոյութիւն ունին մարդկային պատմութեան ամբողջ ընթացքին:

Ա. Նիւթական զէնքեր` թնդանօթ, ռազմական օդանաւ, ռումբ եւ այլն:

Բ. Բարոյական զէնքեր` հաւատք, նկարագիր, տեսլական:

Դպրեվանքը չունի առաջին տեսակը:

Ունի երկրորդը, որով պիտի յաջողի պայքարիլ բոլոր դժուարութիւններուն դէմ:

ԿԱՐՕ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԵԱՆ
Հայագիտական եւ ընկերաբանական
նիւթերու դասախօս դպրեվանքէն ներս

Նախորդը

«Ազդակ»-ի Լուսանկարիչ Գաբրիէլ Փանոսեանի Նկարներու Ցուցահանդէս

Յաջորդը

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Ն. Դուման» Կոմիտէի Քարոզչական Յանձնախումբին. Ռուբէն Սասունցիի «Սասնայ Երկիր» Համերգ-Ներկայացումը Խանդավառեց Ներկաները

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.