Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միլզ. «Միացեալ Նահանգներ Կը Շարունակէ Մնալ Հայաստանի Բարեկամը»

March 6, 2015
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

3-4-15_SahakianՀայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Գալուստ Սահակեան նախանցեալ օր ընդունած է Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ռիչըրտ Միլզը:

Գալուստ Սահակեան շնորհաւորած է դեսպանը  Հայաստանի մէջ անոր դիւանագիտական առաքելութիւնը սկսելու առիթով: Ազգային ժողովի նախագահը յոյս յայտնած է, որ դեսպանին գործունէութիւնը կը նշանաւորուի հայ-ամերիկեան յարաբերութիւններու յաւելեալ սերտացմամբ:

Ազգային ժողովի նախագահը կարեւոր նկատած է Միացեալ Նահանգներու հետ յարաբերութիւններու զարգացումը եւ տարբեր մարզերու մէջ համագործակցութեան խորացումը: Գալուստ Սահակեան բարձր գնահատած է Հայաստանի մէջ ժողովրդավարական հիմնարկներու, քաղաքացիական հասարակութեան ամրապնդման, բարեփոխումներու իրականացման եւ տնտեսական զարգացման ուղղուած Միացեալ Նահանգներու շարունակական աջակցութիւնը: Ան կարեւոր նկատած է նաեւ Միացեալ Նահանգներու դերակատարութիւնը շրջանային անվտանգութեան, կայունութեան պահպանման, ինչպէս նաեւ ղարաբաղեան տագնապի խաղաղ լուծման հոլովոյթին մէջ իբրեւ ԵԱՀԿ-ի  Մինսքի խմբակի համանախագահող երկիր:

Խօսելով Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին  նուիրուած ձեռնարկներուն մասին` Ազգային ժողովի նախագահը նշած է, որ ոգեկոչման արարողութիւններուն կ՛ակնկալուի Միացեալ Նահանգներու բարձրաստիճան պատուիրակութեան մասնակցութիւնը:

Գալուստ Սահակեան անդրադարձած է նաեւ Հայաստան-Միացեալ Նահանգներ  միջխորհրդարանական կապերուն եւ Միացեալ Նահանգներու Միջազգային բարգաւաճման գործակալութեան կողմէ ֆինանսաւորուող Հայաստանի Ազգային ժողովին աջակցութեան ծրագիրին, որ սկսած է 2012 թուականին:

Դեսպան Ռիչըրտ Միլզ վստահեցուցած է, որ Միացեալ Նահանգներ կը շարունակեն մնալ Հայաստանի բարեկամը եւ վճռական տրամադրուած են շրջանի   խաղաղութիւնը պահպանելու գործին մէջ:

Անդրադառնալով Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներուն` դեսպանը նշած է, որ ամերիկացի ժողովուրդը հայ ժողովուրդին կողքին է եւ կը գիտակցի ոգեկոչման ձեռնարկներուն կարեւորութեան, ինչպէս աշխարհի բոլոր բարի կամեցողութեան  տէր մարդիկ կը  գիտակցին ատիկա:

 

Նախորդը

Էրտողան «Մարդկութեան Յուշարձան»-ի Քանդակագործին Հատուցում Պիտի Վճարէ

Յաջորդը

Ֆրանսա Ղարաբաղեան Տագնապին Հարցով Բացի Միջնորդական Առաքելութենէն Այլ Նախաձեռնութիւններ Եւս Պիտի Կատարէ

RelatedPosts

Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարը Ընդունեց Հնդկաստանի Բանակի Ընդհանուր Հրամանատարը
Գլխաւոր լուրեր

Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարը Ընդունեց Հնդկաստանի Բանակի Ընդհանուր Հրամանատարը

February 3, 2026
«Մինչեւ Հայաստանի Մէջ Յունիսին Նախատեսուած Ընտրութիւնները, Մենք Կրնանք Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել»  Կ՛ըսէ Հասանկիւլիեւ
Գլխաւոր լուրեր

«Մինչեւ Հայաստանի Մէջ Յունիսին Նախատեսուած Ընտրութիւնները, Մենք Կրնանք Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել» Կ՛ըսէ Հասանկիւլիեւ

February 3, 2026
Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է
Գլխաւոր լուրեր

Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.