Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռուստամեան. «Առաջին Նախագահը Պարզապէս Չի Ցանկար Ընդունիլ Քաղաքական Իր Ձախողութիւնները»

Մարտ 6, 2015
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

3-5-15_Արմեն-ArfՔաղաքական սադրանքներ, որոնց լուծումը սովորաբար կ՛աւարտի մեծ յուսախաբութեամբ: Յուսախաբ  կ՛ըլլայ ոչ միայն հանրութիւնը, որ միշտ  յոյսեր կը կապէ, այսպէս կոչուած, ընդդիմադիր ուժերուն, այլ նաեւ քաղաքական դաշտին մէջ  գործող այլ ուժերու ներկայացուցիչները:

«Oրեր» կայքին հետ զրոյցին ընթացքին, ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան յայտնած է, որ քաղաքական դաշտին մէջ ներկայիս տեղի ունեցածը պարզապէս անհասկնալի է. «Ես չեմ պատկերացներ, որ քաղաքական դաշտին մէջ կարելի է, որ օրուան մը մէջ այնպիսի շրջադարձային խիստ փոփոխութիւններ տեղի ունենան, որ տուեալ ուժը 180 աստիճանով հակառակի մինչ այդ յայտարարած իր փաստերուն եւ մօտեցումներուն»:

Այն հարցումին, թէ արդեօք ոչ իշխանական ուժերու նախկին ներկայացուցիչը նկատի ունի Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութի՞ւնը, Ա. Ռուստամեան պատասխանած է, որ ատիկա կը  վերաբերի ոչ միայն Բարգաւաճ Հայաստան  կուսակցութեան, այլ նաեւ մնացեալներուն: Ռուստամեան նշած է, որ ինք պարտաւոր չէ նշել անուններ, բայց, եթէ քաղաքական ուժ մը, որ իր այսօրուան ըսածը վաղը կը հերքէ եւ ատոր հետ հաշուի չի նստիր, մասնաւորապէս, խորհրդարանական համակարգին անցնելու վերաբերեալ, ատիկա արդէն լաւ չէ:

Խօսելով ներքաղաքական վերջին զարգացումներուն շուրջ, անդրադառնալով նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի բաց նամակին եւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ հանդիպումէն  հրաժարելուն, Արմէն Ռուստամեան նշած է. «Դո՛ւք պէտք է գնահատէք տեղի ունեցածը: Իմ կարծիքովս, լուրջ չէ, երբ  մարդու հետ հանդիպիլ կ՛ուզես, որմէ ետք դրական արձագանգ ստանալու պարագային կը հրաժարիս այդ հանդիպումէն. անհասկնալի է, թէ իրականութեան մէջ ի՞նչ նպատակ կը  հետապնդէին Լեւոն Տէր Պետրոսեանի այս քայլերը: Կը կարծեմ, որ Լեւոն Տէր Պետրոսեան պարզապէս չի ցանկար ընդունիլ քաղաքական իր ձախողութիւնները: Անոնց  շարքին կը պատկանին  նաեւ այն իրադարձութիւնները, որոնք մենք հիմա կը տեսնենք, խօսքս քաղաքական «եռեակի» փլուզման մասին է»:

Խօսելով քաղաքական «եռեակի» փլուզման եւ Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին նախագահի քաղաքական ձախողութիւններուն  մասին` Ա. Ռուստամեան նաեւ անդրադարձաւ, ինչպէս Լեւոն Տէր Պետրոսեան նշած էր, Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան շարքերը համալրած խառնակիչներուն. «Եթէ ես նկատած ըլլայի, որ Բարգաւաճ Հայաստանի  մէջ խառնակիչներ կան, ժամանակին այդ մասին կ՛ըսէի»:

 

Նախորդը

Ֆրանսա Ղարաբաղեան Տագնապին Հարցով Բացի Միջնորդական Առաքելութենէն Այլ Նախաձեռնութիւններ Եւս Պիտի Կատարէ

Յաջորդը

«Մեզ Կը Մտահոգէ Շփման Գիծին Վրայ Լարուածութիւնը» Կ՛ըսէ Սեքութա

RelatedPosts

Միրզոյեան. «Խաղաղութեան Պայմանագիրի  Բազմաթիւ Հարցերու Շուրջ Ոչ Իտէալական,  Բայց Փոխընդունելի Ձեւակերպումներ  Կարելի Եղած Է Գտնել»
Գլխաւոր լուրեր

Միրզոյեան. «Խաղաղութեան Պայմանագիրի Բազմաթիւ Հարցերու Շուրջ Ոչ Իտէալական, Բայց Փոխընդունելի Ձեւակերպումներ Կարելի Եղած Է Գտնել»

Մարտ 25, 2023
Ներկայացուցիչներու Տան 69 Անդամներ  Կոչ Ուղղած Են Դադրեցնելու Ազրպէյճանին  Զինուորական Օգնութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Ներկայացուցիչներու Տան 69 Անդամներ Կոչ Ուղղած Են Դադրեցնելու Ազրպէյճանին Զինուորական Օգնութիւնը

Մարտ 25, 2023
Լուիս Պատասխանած Է Արցախի Մէջ Խաղաղապահ  Գործողութիւններուն Ուաշինկթընի  Մասնակցութեան Հեռանկարներուն Մասին Հարցումին
Գլխաւոր լուրեր

Լուիս Պատասխանած Է Արցախի Մէջ Խաղաղապահ Գործողութիւններուն Ուաշինկթընի Մասնակցութեան Հեռանկարներուն Մասին Հարցումին

Մարտ 25, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In