Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կառավարութիւնը Ընդունած Է ՀՅԴ-ի Առաջարկները

Մարտ 5, 2015
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

3-4-15_ArdzvigՀայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը ընդունած է ՀՅԴ-ի առաջարկները` «Շրջանառութեան հարկին մասին» օրէնքին մէջ  փոփոխութիւններուն վերաբերեալ:

Ազգային ժողովին մէջ «Շրջանառութեան հարկին մասին» Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնքին մէջ փոփոխութիւններու եւ լրացումներ կատարելու մասին օրէնքի նախագիծի քննարկումին ընթացքին այս մասին տեղեկացուց Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան:

«Կառավարութիւնը օրէնքի նախագիծին վերաբերեալ հասարակութեան դժգոհութիւնները նկատի առաւ, քննարկման առարկայ դարձուց հասարակութեան եւ քաղաքական ուժերու առաջարկները` մասամբ կատարելով հասարակութեան խնդիրներուն ականջալուր ըլլալու  խոստումը», «Արմէնփրես»-ի հաղորդմամբ նշեց Մինասեան` գոհունակութեամբ նշելով, որ կառավարութիւնը ներկայացուած նախագիծին մէջ ընդգրկած է ՀՅԴ-ի առաջարկները:

Պատգամաւորը յիշեցուց, որ ՀՅԴ-ն առաջարկած էր ոչ թէ տարեկան շրջանառութեան փաստաթուղթերու պատրաստութեան կամաւոր տարբերակը, այլ առաջարկած էր թոյլ տալ, որ ինքը` տնտեսվարողը, շահագրգռուած ըլլայ ապահովելու այդ փաստաթուղթերու պատրաստութիւնը եւ նուազ հարկումի ենթարկուելու: «Մեր առաջարկը կառավարութիւնը ընդունած է, եւ այն ներկայացուած է քննարկուող նախագիծին մէջ: Մենք առաջարկած էինք նաեւ շրջանառութեան հարկի շեմը դարձնել 150 միլիոն, այլ ոչ թէ 113 միլիոն դրամ, ինչպէս որոշած է կառավարութիւնը: Ըստ երեւոյթին, այստեղ ինչ որ հաշուարկներ կան: Յոյս ունիմ, որ այդ հաշուարկները կառավարութեան ներկայացուցիչները մեզի կը տրամադրեն», նշեց պատգամաւորը:

Պատգամաւորը խօսեցաւ նաեւ նախագիծին մէջ գոյութիւն ունեցող բացերուն մասին:

Ան ընդգծեց, որ օրէնքի նախագիծին մէջ յստակ նշուած չէ, թէ ի՛նչ ժամկէտի մէջ եւ ի՛նչ փաստաթուղթեր պէտք է ներկայացնեն տնտեսվարողները:

Միւս խնդիրը, պատգամաւորին խօսքով, կը վերաբերի  տոկոսադրոյքներուն, որովհետեւ յայտնի չէ, թէ ի՛նչ հաշուարկներու հիման վրայ սահմանուած են այդ տոկոսադրոյքները:

Ան կարծիք յայտնեց, որ օրէնքը յունուար 2016-էն ուժի մէջ չի մտներ:  «Ընդհանրապէս, հարկային օրէնսդրութեան փոփոխութիւնները կարելի չէ արագ իրականացնել: Հարկային դրոյքաչափի այս մեծացումը չի կրնար ուժի մէջ մտնել հրապարակման յաջորդ օրուընէ սկսեալ», ըսաւ  Արծուիկ Մինասեան:

Եզրափակելով ելոյթը` Արծուիկ Մինասեան նշեց, որ ՀՅԴ-ն ձեռնպահ պիտի քուէարկէ:

Նախկին Նախագահներու Կենսաթոշակի Հարց

Միւս կողմէ, Ազգային ժողովի արտակարգ նիստին նախանցեալ օր քննարկուած է «Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի վարձատրութեան, սպասարկման եւ  անվտանգութեան ապահովման մասին» օրէնքին մէջ լրացումներ եւ փոփոխութիւն կատարելու մասին հարցը: Ցարդ գործող օրէնքով, Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտօնաթող նախագահի գրասենեակին ծախսերը պետութեան հաշուոյն կը կատարուին, կը տրուին համապատասխան բնակարան, ինքնաշարժ եւ  գրասենեակ, առաջին երկուքը կը տրուին մինչեւ նախկին նախագահի 70 տարիքը լրանալը, իսկ գրասենեակը` ցմահ:

Ներկայացուող փոփոխութեամբ կ՛առաջարկուի օրէնքէն հանել մինչեւ «70 տարիքը լրանալ» բառերը, եւ վերը նշուածը կը տրամադրուի ցմահ: Երկրորդ փոփոխութեամբ` կը սահմանուի պաշտօնաթող նախագահի կենսաթոշակի չափը` նախկին նախագահի կենսաթոշակը կը կազմէ գործող նախագահի աշխատավարձին 70 առ հարիւրը:

Ազգային ժողովի Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան խմբակցութեան պատգամաւոր Խոսրով Յարութիւնեան կարծիք յայտնած է, որ այդ օրէնքը կենսական հարց չի լուծեր, ընկերային  հարց չի լուծեր, աւելի շատ պարգեւավճար է, ուրեմն մօտեցումը հասկնալի չէ` ինչո՞ւ կը  դիտուի իբրեւ կենսական պայմաններ ապահովող խնդիր կամ կենսաթոշակ:

Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան կարծիք յայտնած է, որ ատիկա պէտք չէ կապել կենսաթոշակին, որովհետեւ պաշտօնաթող նախագահին տարիքը կապ չունի, ուրեմն ի՞նչ իմաստ ունի թոշակ նշանակելը: Պատգամաւորը նաեւ հարցուցած է, թէ կրնա՞յ արդեօք  անժամկէտ յատկացուող գրասենեակն ու բնակարանը ժառանգուիլ:

«Նկատի կ՛առնուի՞, արդեօք, պաշտօնաթող նախագահներուն նոյն տարածքին մէջ  բնակարան յատկացնելու կարելիութիւնը, թող իրարու հետ ճատրակ խաղան, հանդիպին, զրուցեն, սուրճ խմեն, թերեւս անոնց միջեւ թշնամանքը նուազի», ըսած է Արծուիկ Մինասեան` կարծիք յայտնելով, որ թերեւս կենսաթոշակի փոխարէն այլ անուն տրուի այդ վճարումին:

Պատգամաւորը նաեւ հարցում ուղղած է յարակից զեկուցող` Ազգային ժողովի ընկերային հարցերու մնայուն յանձնախումբի նախագահ Յակոբ Յակոբեանին, թէ ինչպէ՞ս պիտի հարցնեն եւ պարզեն, թէ պաշտօնաթող նախագահը ի՛նչ պաշտօնի նշանակուած է: «Դուք ինչպէ՞ս հարցում պիտի ուղարկէք Մոսկուա` հարցնէք, թէ Ռոպերթ Քոչարեան որեւէ պաշտօն ունի՞, թէ՞ ոչ: Արդեօ՞ք ատիկա չի նսեմացներ նախագահական հիմնարկը: Մարդը երկրին նախագահը եղած է, յարգանքի արժանի է, եւ ատիկա պէտք է յատկացուի, ոչ թէ հարցում ուղղուի», ըսած է Արծուիկ Մինասեան:

Յակոբ Յակոբեան պատասխանած է. «Կը ցաւիմ, որ չէք գիտեր` մենք արդէն երեք տարիէ կենսաթոշակառուներուն չենք հարցներ, թէ` դուրսը ի՛նչ կը ստանաք: Մենք կը վճարենք օրէնքով յատկացուողը: Չափը չէ՞ք կրնար չափել»:

Արծուիկ Մինասեան արձագանգած է. «Կը զարմանամ, որ,  ըլլալով յանձնախումբի նախագահ, չէք գիտեր, որ օրէնքով նախատեսուած կարգով` կայ սահմանափակում, կը ցաւիմ, որ չէք գիտեր, առանց դիմումի կը նշանակէք թոշակ, յետոյ պէտք է իյնաք, հարցնէք: Չէ՞ք կարդացած նախագիծը, չեմ հասկնար: Իսկ իմ չափս ես գիտեմ, ի տարբերութիւն շատ-շատերու»:

 

 

Նախորդը

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինը Կը Շարունակէ Ընկերային Հանդիպումները Կոմիտէութիւններու Հետ

Յաջորդը

Ըստ Կիրօ Մանոյեանի. ԵԺԿ-ի Կողմէ Ցեղասպանութեան Մասին Բանաձեւը «Նոքտաուն» Էր Թուրքիոյ

RelatedPosts

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
Կալուզին. «Չի Բացառուիր, Որ Լեռնային Ղարաբաղէն  Հեռացածները Որոշ Փուլի Որոշեն Վերադառնալ.  Խաղաղապահներու Ներկայութիւնը Այս Մարդոց Համար  Պիտի Դառնայ Հանգստութեան Լրացուցիչ Գործօն»
Գլխաւոր լուրեր

Կալուզին. «Ռուսիա Պատրաստ Է Իր Ներդրումը Ունենալու Երեւանի Եւ Պաքուի Միջեւ Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Հարցին Մէջ»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?