
«Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլու երեքշաբթի օր Փորթուգալի մէջ այցելած է ահաբեկուած թուրք դիւանագէտներու յուշարձան եւ յարգանքի տուրք մատուցած անոնց յիշատակին:
«Թուրքիան պիտի պայքարի 1915-ի դէպքերուն քարոզչութեան դէմ, դէպքեր, զորս հայերը կը ներկայացնեն իբրեւ «ցեղասպանութիւն», յայտարարած է Տաւութօղլու:
Ան խոստացած է ընթացիկ տարուան ընթացքին յատկապէս ուշադրութիւն դարձնել ատոր` շեշտը դնելով թուրք դիւանագէտներու սպանութիւններուն հետ կապուած դէպքերու վրայ: