Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԱՐՑԱԽԻ ՄԷՋ ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ԲԱՆԱԿԻ ՅԱՌԱՋԱՊԱՀ ԴԻՐՔԵՐ

August 3, 2011
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Բանակի զօրամաս այցելութեան ընթացքին

Երէկ առաւօտեան Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեան, Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարարներ Սէյրան Օհանեանի եւ զօր. Մովսէս Յակոբեանի ուղեկցութեամբ, այցելեց Արցախի բանակի յառաջապահ դիրքերը:

Վարչապետը զրուցեց զինուորներուն հետ եւ ծանօթացաւ զինուորական ծառայութեան պայմաններուն: Ծառայութեան ընթացքին պարտաճանաչութեամբ, խիզախութեամբ եւ անձնուիրութեամբ ճանչցուած զինուորները պարգեւատրուեցան ժամացոյցներով:

Այնուհետեւ վարչապետ Տիգրան Սարգսեան այցելեց Արցախի բանակի զօրամասերէն մէկը եւ մասնակցեցաւ զինուորներուն ռազմաուսումնասիրական վարժութիւններուն: Դիմելով զինուորներուն` վարչապետ Սարգսեան նշեց. «Սիրելի՛ զինուորներ, դուք պէտք է հպարտ ըլլաք, որ այսօր կը ծառայէք Լեռնային Ղարաբաղի բանակին մէջ եւ պէտք է հպարտ ըլլաք այն պատճառով, որ դուք յաղթած բանակի ներկայացուցիչներ էք: Հայաստանի կառավարութիւնը ջանք պիտի չխնայէ, որպէսզի դուք ունենաք բոլոր կարելիութիւնները` ձեր մարտունակութիւնը բարձրացնելու համար», յայտնեց վարչապետ Սարգսեան:

Լրագրողներուն հետ զրոյցին ընթացքին վարչապետը նշեց, որ տպաւորուած է զինուորներուն ռազմական եւ հոգեբանական պատրաստուածութեան աստիճանէն: «Մենք կը տեսնենք, որ զինուորը հպարտ է, համարձակ, կազմակերպուած, գիտէ իր գործը, արհեստավարժ է, եւ այդ ամէնը յոյս կը ներշնչէ, որ մեր զինեալ ուժերու մարտունակութեան աստիճանը օրէ օր աւելի պիտի բարձրանայ», ընդգծեց վարչապետ Սարգսեան:

Անդրադառնալով հակառակորդին կողմէ յաճախակիօրէն հնչող ռազմատենչ յայտարարութիւններուն` Հայաստանի վարչապետը շեշտեց, որ անոնց լաւագոյն պատասխանը հայոց բանակի մարտունակութեան բարձրացումն է: Ան նշեց, որ այն, ինչ որ այսօր կը կատարուի հայկական բանակին մէջ, վառ ապացոյց է, որ ճիշդ ուղի բռնուած է: «Պէտք է շարունակենք յամառօրէն աշխատիլ, մեր հմտութիւնները աւելցնել, ինչ որ այսօր տեղի կ՛ունենայ», ըսաւ վարչապետ Տիգրան Սարգսեան:

Արցախ կատարած իր այցելութիւնը վարչապետ Տիգրան Սարգսեան եզրափակեց տեղւոյն գիւղատնտեսութեան մարզի պատասխանատուներուն եւ հողագործներուն հետ հանդիպումով, որուն ընթացքին քննարկուեցան նշեալ մարզին առնչուող խնդիրներ: Տիգրան Սարգսեան այս ծիրին մէջ կարեւոր նկատեց գիւղատնտեսութեան զարգացման ճիշդ ձեւի ընտրութեան, ենթակառոյցներուն եւ գոյութիւն ունեցող աղբիւրներու արդիւնաւէտ օգտագործման հարցերը: «Չափազանց կարեւոր է պետութեան եւ հողագործներուն, գիւղացիներուն, գիւղացիական միութիւններուն միջեւ երկխօսութիւնը, ինչպէս նաեւ պէտք է քննարկել, թէ կողմերը ինչպէ՛ս կը տեսնեն խնդիրներու լուծումը: Այս երկխօսութեան շնորհիւ մենք պէտք է յաջողինք նաեւ մարզին զարգացման ռազմավարութիւնը մշակել: Մեզի համար թիւ մէկ խնդիրը այս պահու դրութեամբ այն է, որ մենք պէտք է գիւղատնտեսութիւնը դարձնենք արդիւնաւէտ, որպէսզի մարդիկ յաջողին ներդրումներ կատարել այս մարզին մէջ», նշեց վարչապետը, որուն պատուիրակութիւնը երէկ կէսօրէ ետք վերադարձաւ Երեւան:

 

Նախորդը

«ԵՐԻՏԱՍԱՐԴ ԱՌԱՋՆՈՐԴՆԵՐՈՒ ԱՄԱՌՆԱՅԻՆ ԴՊՐՈՑ»Ի ԾՐԱԳԻՐԸ ՍԿՍԱՒ

Յաջորդը

ԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆ – ՀԱՅ ԱԶԳԱՅԻՆ ՔՈՆԿՐԵՍ ՅԱՋՈՐԴ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ` 4 ՕԳՈՍՏՈՍԻՆ

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.