Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«ԹՈՒՐՔԻԱ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՀԱՐՑԻՆ ՄԷՋ ՄԻՇՏ ՊԻՏԻ ՍԱՏԱՐԷ ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԻՆ» Կ՛ԸՍԷ ՀՈՒԼՈՒՍԻ ՔԸԼԸՃ

August 3, 2011
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Հուլուսի Քըլըճ

Ազրպէյճանական «1news.az» կայքէջը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Հուլուսի Քըլըճ երէկ Պաքուի մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարած է, որ Թուրքիա Լեռնային Ղարաբաղի հարցին մէջ եղած է եւ կը մնայ Ազրպէյճանի կողքին:

Ըստ անոր, Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան արտայայտած է իր յստակ դիրքորոշումը այդ հարցին առնչութեամբ` ըսելով, որ «ղարաբաղեան հիմնախնդիրը նոյնքան արիւնածոր վէրք է Թուրքիոյ համար, որքան` Ազրպէյճանի»:

«Թուրքիա կը պահանջէ Ազրպէյճանի բռնագրաւուած տարածքներու ազատում. ատիկա ոչ միայն մեր, այլեւ ամբողջ միջազգային հանրութեան պահանջն է», յայտարարած է թուրք դիւանագէտը: Ան նաեւ ըսած է, որ Թուրքիա Հայաստանի հետ սահմանը փակած է «ազրպէյճանական հողերու բռնագրաւման» պատճառով, եւ որովհետեւ տակաւին Թուրքիան այդ քայլին մղած պատճառները չեն վերցուած, սահմանները պիտի չբացուին: «Ազրպէյճան միշտ կրնայ Թուրքիոյ վրայ յենիլ», հաւաստիացուցած է Թուրքիոյ դեսպանը:

Դեսպանը նաեւ յայտարարած է, որ կ՛ակնկալուի, որ սեպտեմբերին Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի միջեւ կազի վերաբերող համաձայնագիր ստորագրուի:

Ըստ Քըլըճի, Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի Պաքու այցելութեան ընթացքին երկու երկիրներու ուժանիւթի նախարարութիւններուն միջեւ օգտակար բանակցութիւններ տեղի ունեցած են: «Կը կարծեմ` սեպտեմբերին Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի միջեւ այդ համաձայնագիրին ստորագրման ականատեսը պիտի դառնանք», ըսած է ան:

 

Նախորդը

ՓԱԼՈՆ ԱՐՑԱԽԻՆ ՕԺԱՆԴԱԿՈՒԹԻՒՆ ՉՅԱՏԿԱՑՆԵԼՈՒ ՔՈՆԿՐԵՍԻ ՈՐՈՇՈՒՄԻՆ ԱՌՆՉՈՒԹԵԱՄԲ ՄՏԱՀՈԳՈՒԹԻՒՆ ԿԸ ՅԱՅՏՆԷ

Յաջորդը

«ԵՐԻՏԱՍԱՐԴ ԱՌԱՋՆՈՐԴՆԵՐՈՒ ԱՄԱՌՆԱՅԻՆ ԴՊՐՈՑ»Ի ԾՐԱԳԻՐԸ ՍԿՍԱՒ

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.