Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ա. Յովհաննիսեան. «Ամիսէ Ամիս Հակառակորդը Աւելի Կը Սրէ Իրավիճակը»

March 4, 2015
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

3-3-15_ArdzrounԵրկուշաբթի գիշեր Լեռնային Ղարաբաղի եւ  Ազրպէյճանի սահմանագիծին վրայ զինադադարի խախտման պատճառով հայ զինուոր մը եւս զոհուած է: 20-ամեայ զինուոր Արսէն Կարապետեան հայկական կողմի արդէն երրորդ զոհն է վերջին երեք օրերուն ընթացքին:

Ղարաբաղի պաշտպանութեան բանակը նաեւ  տեղեկացուցած է, որ 2-էն 3 մարտի լուսցող գիշերը հակառակորդը զինադադարը խախտած է շուրջ 200 անգամ` հայ դիրքապահներուն ուղղութեամբ արձակելով աւելի քան 3,000 կրակոց:

«Ամիսէ ամիս հակառակորդը աւելի կը սրէ իրավիճակը»,  ըսած է Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Արծրուն Յովհաննիսեան, «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին երէկ տուած հարցազրոյցին ընթացքին, անգամ մը եւս ընդգծելով, որ ստեղծուած իրավիճակէն բխող հետեւանքներուն պատասխանատուութիւնը պիտի մնայ ազրպէյճանական կողմին վրայ:

«Ամբողջ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան  սահմանի երկայնքով հակառակորդը կը պահէ որոշ լարուածութիւն: Ցաւօք, այսպէս դանդաղ, սահմանային պատերազմին մէջ առանց զոհերու  չ՛ըլլար: Իսկ այդ զոհերը չեն նշանակեր, որ մենք չենք յաղթեր կամ հակառակորդին մեր կամքը չենք պարտադրեր: Միջազգային կառոյցներու  ուշադրութիւնը կը հրաւիրենք այս հարցին վրայ, որովհետեւ տարեսկիզբէն ի վեր, շատ մեծ ջանքերու գնով, նաեւ միջազգային կառոյցներու ջանքերուն գնով հաստատուած է այսպէս կոչուած փխրուն կայունութիւն», նշած է Յովհաննիսեան:

Ըստ անոր, հայկական կողմին գործողութիւնները կը մնան նոյն տրամաբանութեան մէջ. «Հակառակորդը զսպող, կանխարգելիչ գործողութիւններ: Հասկնալի է, որ որոշ  տրամաբանութիւն կը ձեւաւորուի, որ եթէ  հակառակորդը հետզհետէ աւելի կը լարէ, ուրեմն մենք արդիւնաւէտ ձեւով չենք պայքարիր: Այստեղ կ՛ուզէի ձեզի ըսել, որ բանակի գործառոյթները, եթէ օր մը արդիւնաւէտ չըլլան, օր մը չըլլան անհամաչափ հակառակորդի գործողութիւններուն, մենք ամբողջովին այլ բան կը տեսնենք»:

Հարցումին, թէ ժամանակը չէ՞, որպէսզի  սահմանին վրայ անընդհատ աճող լարուածութեան կապուած Հայաստան դիմէ  Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան, Յովհաննիսեան  պատասխանած է, որ ատիկա քաղաքական խնդիր է:

 

 

Նախորդը

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն Ընդունեց Ամալ Շարժումի Մէկ Պատուիրակութիւնը

Յաջորդը

Եւրոպական Ժողովրդական Կուսակցութիւնը Ընդունեց Հայոց Ցեղասպանութիւնը Դատապարտող Բանաձեւ

RelatedPosts

Ս. Էջմիածինի Մէջ Հայրապետական Սուրբ Պատարագ` Սուրբ Ծննդեան Եւ Աստուածայայտնութեան Տօնին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Ս. Էջմիածինի Մէջ Հայրապետական Սուրբ Պատարագ` Սուրբ Ծննդեան Եւ Աստուածայայտնութեան Տօնին Առիթով

January 9, 2026
Եկեղեցական Ղեկավարներ Լեւոն ԺԴ. Պապին  Կոչ Կ՛ուղղեն Հայ Գերիներու Ազատ Արձակման Համար
Հայկական

Եկեղեցական Ղեկավարներ Լեւոն ԺԴ. Պապին Կոչ Կ՛ուղղեն Հայ Գերիներու Ազատ Արձակման Համար

January 6, 2026
Ս. Էջմիածինը Կը Հակադարձէ Անջատուած  Եպիսկոպոսներու Ստորագրած Յայտարարութեան
Հայկական

Ս. Էջմիածինը Կը Հակադարձէ Անջատուած Եպիսկոպոսներու Ստորագրած Յայտարարութեան

January 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.