Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ԾԵՐԱԿՈՅՏԸ ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԻ ՏԱՐԱԾՔԱՅԻՆ ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ՊԻՏԻ ՉՃԱՆՉՆԱՅ» ԿԸ ԳՐԷ «ԶԵՐՔԱԼՕ»

August 3, 2011
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազրպէյճանական «Զերքալօ» օրաթերթը կը գրէ, որ այն բանէն ետք, երբ Միացեալ Նահանգներու ծերակոյտը օրեր առաջ որդեգրեց Վրաստանի տարածքային ամբողջականութեան վերաբերող թիւ 175 բանաձեւը, Միացեալ Նահանգներու մէջ գործող Ամերիկայի Ազրպէյճանցիներու ցանց կազմակերպութիւնը ծերակոյտին դիմած է` խնդրելով նոյնպէս Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը ճանչնալ:

Ամերիկայի Ազրպէյճանցիներու ցանց կազմակերպութիւնը ազրպէյճանական սփիւռքէն խնդրած է` նամակներ ուղարկել Միացեալ Նահանգներու պաշտօնատար անձերու եւ պահանջել, որ նաեւ Ազրպէյճանի վերաբերեալ այդպիսի բանաձեւ մը որդեգրուի:

Ընդգծելով, որ ամերիկացի օրէնսդիրները ամերիկաբնակ ազրպէյճանցիներու կոչը հազիւ թէ կը լսեն եւ կ՛որդեգրեն, «Զերքալօ» կը գրէ. «Երբեք մեծ չեն յոյսերը, որ ազրպէյճանական սփիւռքին կողմէ Միացեալ Նահանգներու ծերակոյտին ուղղուած կոչերը պիտի ունենան դրական արդիւնքներ. արեւմտեան քաղաքական գործիչները, չես գիտեր ինչու, յետխորհրդային տարածքին մէջ ցեղա-տարածքային տագնապներու հետեւանքները միանշանակ չեն գնահատեր: Եթէ 1990-ականներու սկիզբէն Եւրոպայի եւ Միացեալ Նահանգներու քաղաքական գործիչներուն մօտ բացարձակապէս որեւէ կասկած չի յարուցեր Վրաստանի եւ Մոլտաւիոյ տարածքային ամբողջականութեան հարցը, ապա Լեռնային Ղարաբաղի հարցին մէջ անոնք, չես գիտեր ինչու, հանդէս կու գան երկակի մեկնաբանութեամբ»:

Ազրպէյճանական օրաթերթը կը նշէ, որ Վրաստանի եւ Մոլտաւիոյ տագնապներուն պարագային միջազգային հանրութիւնը կը հիմնուի միջազգային իրաւունքի ընդամէնը մէկ` տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքին վրայ: «Իսկ երբ խօսքը կը վերաբերի Ազրպէյճանին, արեւմտեան աշխարհը անմիջապէս կը յիշեցնէ այլ սկզբունք մը եւս` ազգերու ինքնորոշման իրաւունքի սկզբունքը: Այդ պարագային բոլորովին անհասկնալի է, թէ ինչո՞ւ կը մերժեն աբխազներուն, օսերուն եւ Մերձտնիեսթրի բնակիչներուն, սակայն կը ճանչնան Լեռնային Ղարաբաղի հայերու իրաւունքը: Իսկ հայերը` իբրեւ ազգ, շատոնց ինքնորոշուած են Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքին մէջ, որուն հողերուն նկատմամբ դրացիներէն ոչ ոք յաւակնութիւններ ունի, հակառակ անոր որ այդ յաւակնութեանց համար կան պատմական հիմքեր», կը գրէ «Զերքալօ»:

Նախորդը

ԵԴԻԳԱՐԵԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ Կ՛ՈՒՆԵՆԱՅ ՕԹԱՆ-Ի ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՔԱՐՏՈՒՂԱՐԻ ՕԳՆԱԿԱՆԻՆ ՀԵՏ

Յաջորդը

ԸՍՏ ԼԵՒՈՆ ՏԷՐ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆԻ ԱՇՈՒՆԸ «ԼՈՒՐՋ ԲԵԿՈՒՄԻ ԿԱՄ ՎԵՐՋՆԱԿԱՆ ՅՍՏԱԿԱՑՈՒՄԻ» ԺԱՄԱՆԱԿԱՇՐՋԱՆ Է

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.