Եւրոպայի ճատրակի անհատական ախոյեանութեան, որ տեղի կ՛ունենայ Իսրայէլի մէջ, 5-րդ հանգրուանի հանդիպումներէն ետք հայրենի կրանտմասթըրներուն մէջ ամէնէն բարձր դիրքը (11-րդ) կը գրաւէ Գաբրիէլ Ղազարեան (2576), որ իր տրամադրութեան տակ ունի 4 կէտ: Անոր նման 4-ական կէտ ունին նաեւ 4 ուրիշներ:
Ընդհանուր առմամբ այս հանգրուանը բաւական լաւ եղաւ հայրենի ճատրակ խաղացողներուն համար, որովհետեւ միայն Կարէն Գրիգորեան պարտութիւն կրեց:
Զաւէն Անդրէասեան, Վլատիմիր Յակոբեան եւ Հրանդ Մելքումեան հաւասարութիւն արձանագրեցին, մինչ Ռոպերթ Յովհաննիսեան, Սամուէլ Տէր Սահակեան եւ Վլատիմիր Պօղոսեան` յաղթանակներ:
Նշենք, որ պարագլուխի դիրքը 4,5 կէտով կը շարունակէ գրաւել ուքրանացի Անթոն Քորոպով: