Նախորդ շաբաթավերջին «Ուեմպլի»-ի մարզադաշտին վրայ, աւելի քան 89 հազար հանդիսատեսներու ներկայութեան տեղի ունեցաւ Անգլիոյ ֆութպոլի լիկայի բաժակի մրցաշարքին աւարտական ճակատումը, որուն ընթացքին իրարու դէմ մրցեցան Չելսի եւ Թոթենհամ:
Լոնտոնեան այս աւարտական մրցումը վերջ գտաւ Չելսիի յաղթանակով: Անիկա 2-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Թոթենհամը շնորհիւ Ճոն Թերիի (45-րդ) եւ Քայլ Ուոքըրի (56-րդ` սխալմամբ իր բերդին մէջ) նշանակած կոլերուն:
Նշենք, որ Տիեկօ Քոսթայի հարուածը դպած էր Ուոքըրին եւ իր ուղղութիւնը փոխած, որուն դիմաց բնականաբար ոչինչ կրնար ընել Թոթենհամի բերդապահ Հիւկօ Լիորիս: