Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը կը հաղորդէ, որ հայ կրանտմասթըրներ Վարուժան Յակոբեան եւ Սամուէլ Սեւեան իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն Միացեալ Նահանգներու ճատրակի ախոյեանութեան, որ տեղի պիտի ունենայ Սենթ Լուիսի մէջ` 31 մարտէն 14 ապրիլ:
Անոնց մրցակիցները պիտի ըլլան Քամսքի, Նաքամուրա, Սօ, Ռոպսըն, Օնիսչուք, Նարոտիցքի, Շանքլենտ, Կարիվ, Թրոֆֆ եւ Հոլթ:
Իսկ Տաթեւ Աբրահամեան նոյն ժամանակամիջոցին պիտի մասնակցի Միացեալ Նահանգներու աղջկանց ախոյեանութեան: