Հրդեհը
Ես դեռ մանուկ` տեսայ հրդեհն հայ տուներուն,
Երբ գիւղն ամբողջ գնդակներուն տակ կը թնդար,
Երբ կը փախչէր խելագար մարդ, անասուն
Մինչեւ երկինք նետուող բոցեր օձագալար:
Մղձաւանջին մէջ հրկիզուող հայ տուներուն
Անկէ ի վեր կ՛ապրի հոգիս մինչեւ այսօր
Խլեակներու ծխապատ հեծքը ու ճարճատիւն,
Ճիչն ամբոխին եւ բոցերու սարսափն հզօր:
Ոչինչ կրցաւ մարել հրդեհն այդ իմ կեանքէս.
Ոչ ովկիաններն ուրկէ անցայ գինովի պէս,
Ոչ փառքն` օտար նոր շէնքերուն գեղաքանդակ…
Եւ հիմա միշտ կը տեսնեմ մութ կամ արեան գոյն
Աշխարհն ամբողջ լեռ, դաշտ, ծաղիկ, մարգեր, քաղաք.
Աչքերս լի ծուխ ու բոցովն հայ տուներուն…
Որբերու Բանակ
Որբերու բանակ, ոգեղէն սերունդ,
Քեզ համար, Երազ, որբացանք այսպէս.
Եւ յետոյ մեծցանք ծծելով միշտ քեզ`
Իբրեւ մայրական սուրբ կաթ ու սնունդ:
Փոթորիկին մէջ երբ որ մենք անզօր`
Որոնեցինք պարզ խլեակ մը միայն,
Դուն մեր ոտքին տակ, անդունդին վրան
Կախարդական նաւ դարձար լուսօրօր…
Տուիր ինչ որ մեզ այս կեանքը մերժեց-
Մայրական թեւեր, հայրենի երդիք.
Աշխարհի վերեւ դուն սիրոյ երկինք.
Աւելի հզօր, աւելի անեղծ…
Գոյնէդ տուիր գոյն դուն մեր դէմքերուն-
Վեհօրէն դալուկ եւ մաշա՜ծ պատկեր.
Մշտաբոց լոյսի տեսիլք գերիվեր`
Մեր աչքերուն մէջ կը վառիս միշտ դուն:
Թէեւ միգացած քայլերով տրտում
Բայց մեր երթն անշեղ չի ճանչնար նահանջ.
Մեր ձայնը մեռած լճի խուլ հառաչ,
Բայց մեր խօսքը վառ` ալեկոծ յուզում:
Որբերու բանա՜կ, տելսահար խենթեր,
Մենք քեզմով, Երազ, գինով ենք այսօր.
Քու անհուն փառքիդ նուիրեալ զինուոր`
Մեր կուրծքին վրայ կ՛երթանք քեզ գրկել…
Նոյնն Է Ճամբան
Դուք, որ մեռաք հինգ դար առաջ,
Դուք, որ այսօր կը մահանաք,
Նոյն ծառին ծիլն էիք կանաչ
Եւ դարձաք նոյն հողին ճարակ:
Հինգ դար առաջ, հինգ դար յետոյ
Նոյն անցորդն էք անվերադարձ
Կ՛իջնէ անյոյս մութ երեկոյ
Ձեր աչքերուն վրայ սառած:
Ծառին համար եւ այս հողին
Նոյնն էր երէկ, նոյն է այսօր.
Նոյն ծաղկումն է գարնանային
Եւ աշնան նոյն տերեւը չոր…
Դուք, որ յաճախ արտասուեցիք,
Եւ դուք, որ շատ զուարճացաք,
Դուք, որ տուիք փուշ ու ծաղիկ`
Նոյն խաւարին դարձաք բանակ:
Նոյն է հիմա դար ու վայրկեան,
Երբ որ չկայ երթ ու գալիք,
Համայնական նոյն է ճամբան,
Երբ որ չկայ կեանքի ալիք:
Լիբանան
Ռումբեր տեղացին, ռումբեր հրավառ
Քաղաքին վրայ այս լուռ, բայց անքուն,
Մարդիկ յեղակարծ եղան շանթահար,
Եւ ահը մահուան մտաւ տունէ տուն:
Հրթիռներ կրակ սուրացին անվերջ
Եւ խրտակեցին եր դու պատուհան,
Մթին ու խոնաւ նկուղներուն մէջ
Մարդիկ կոչ եկան խլուրդի նման:
Դժոխքէն ժայթքող հրանիւթ որպէս
Ժայթքեցան յաճախ ականներ հզօր,
Բիւր անձեր անմեղ եղան ողջակէզ
Կամ ցիւ եղան կտոր առ կտոր:
Ինչո՞ւ չարն այսպէս տարիներ տիրեց,
Մին ըսաւ Աստուած սէր է եւ գթած,
Միւսն ըսաւ` Աստուած մէկ է եւ միշտ մեծ,
Եւ տարածեցին աւեր, կոտորած…
Մայրիներուդ պէս անմահ Լիբանան,
Դուն գեղեցկութեան թագուհին միակ,
Զոհն եղար անմեղ այլոց ցանկութեան
Այլոց հեշտասէր մոլուցքին անյագ…