ՍԻԼՎԻ ԱԲԷԼԵԱՆ
2014 թուականին Երեւանի «Գրաբեր» տպարանէն լոյս տեսաւ սփիւռքահայ մեծանուն բանաստեղծ Մուշեղ Իշխանի «Լուսեղէն տրտմութիւն» գիրքը (158 էջ), որ ծաղկաքաղ մըն է Իշխանի տարբեր տարիներու ժողովածուներէն` «Տուներու երգը» 1936, «Կրակը» 1938, «Կեանք եւ երազ» 1949, «Տառապանք» 1968, «Արեւմար» 1986 եւ «Իրիկնալոյս ռումբերու տակ» 1991: Գիրքը նուիրուած է Մուշեղ Իշխանի ծննդեան 100-ամեակին եւ հրատարակուած` պետական պատուէրով. զայն խմբագրած, հրատարակութեան պատրաստած եւ յառաջաբանը գրած է Արթուր Անդրանիկեան` «Մուշեղ Իշխան. լռելեայն պոռթկումների բանաստեղծը» խորագիրով:
Բնագիրը հրատարակուած է աւանդական ուղղագրութեամբ որ սակայն շատ թերի է, ուղղագրական սխալները շատ, իսկ ամէնէն խոցելին հեղինակի անուան սխալ գրելաձեւն է: Նկատելի են նոյնպէս տպագրական թեքնիք վիրիպակներ:
Կարդալէ ետք «Լուսեղէն տրտմութիւն» բանաստեղծութիւններու ընտրանին,
կը պարզուի, որ Մուշեղ Իշխանի ժողովածուները ստեղծուած են անոր ներաշխարհի հասունացման, աշխարհայեացքի խորացման եւ զարգացման տրամաբանութեամբ: Անոնք կ՛ամփոփեն բանաստեղծին ապրումները, զգացումները, յոյզերը, խոհերն ու մտածումները:
Մեծ եղեռնէն ետք, երբ Միջին Արեւելքի հայկական գաղութները կը սկսին կազմակերպուիլ եւ հետզհետէ սփիւռքահայութեան մշակութային կեդրոն դառնալ, յետեղեռնեան սերունդի ներկայացուցիչ մտաւորականներն ու գրողները կը սկսին կարեւորել ազգային արժէքները եւ միաժամանակ բացայայտել ազգային ինքնութեան պահպանման միջոցները:
Մուշեղ Իշխանի ստեղծագործական կեանքը կը սկսի հայրենի տան փնտռտուքով: Ան հարազատ թարգմանը եղաւ Եղեռնէն ճողոպրած սերունդի անտուն ու տարագիր կեանքին, անկատար երազներուն, ցաւերուն…
Այսօր տարափերէն-օ՜թախիծ առյաւէտ-
կը մնամ քարիդ մէկ մասունքին իսկ կարօտ…
«Տան սէր»
Ճամբուն վրայ բոլորիս, կեցած անշարժ, անբարբառ`
Ի՜նչ կեանքեր կան սկսուած, բայց անաւարտ տան նման,
Որոնց քարերն առաջին` երջանիկ օր մը գարնան`
Հիւսուեցան հոն` հոյակապ կառուցումի մը համար:
«Անաւարտ կեանքեր»
Ե՛ւ որպէս մտաւորական ու ազգային գործիչ, ե՛ւ որպէս բանաստեղծ տարագրութեան դառնութիւնը ամէն օր ճաշակելով հանդերձ, միշտ կ՛աշխատէր յոյս ներշնչել շրջապատին` կառուցելու նոր երդիքը, կերտելու հայ հոգիին տունը, որ պէտք է միշտ վառ մնայ իւրաքանչիւր հայու մէջ:
Եւ օրէ-օր, ժամէ-ժամ կը բարձրանայ տենդագին
Կոթողն հսկայ մէկ շէնքի,
Որուն հիմքին, շաղախին, որմերուն մէջ կը դիզուին
Քրտինք, հանճար ու ոսկի:
«Նոր շինուող տուն»
1936-ին լոյս կը տեսնէ իր առաջին ժողովածուն` «Տուներու երգը», որուն մէջ կոչ կ՛ուղղէ հայ լեզուն պահելով` կերտելու ոգեղէն տունը, որովհետեւ ան կը հաւատար, որ հայ մնալու միակ կռուանը հայ լեզուն է: Լեզուն է հայութեան ամրակուռ բերդն ու պաշտպանը :
Հայ լեզուն տունն է հայուն աշխարիս չորս ծագերուն,
Ուր կը մտնէ ամէն հայ իբրեւ տանտէր հարազատ…
Հոն է միայն, որ կրնայ գտնել ամէն հայ կրկին
Խաժամուժին մէջ օտար կորսնցուցած իր հոգին…
. . . . . . . . . . . . . . . . . .«Հայ լեզուն տունն է հայուն»
Եթէ «Տուներու երգը» կը պատգամէ աշխարհով մէկ սփռուած հայութեան, որ լեզուն պահելով, լեզուին կառչելով` կառուցէ իր տունը, ապա «Կրակ» ժողովածուով կոչ կ՛ուղղէ մոխիրին մէջ անթեղուած կրակը հրահրելու եւ անով բոցավառելու նոր օճախները:
Եւ իմ օրերուս գորշ հողաթումբին
Ծաղկեցան յանկարծ բողբոջներ դալար,
Եւ շողաց սիրոյ դալկահար արփին…
. . . . . . . . . . . «Վերապրում»
Ինքնահաստատման այս հանգրուանին բանաստեղծը կը յայտնուի նոր արժէքներու յայտնաբերման ուղիին մէջ: ժողովածուն կ՛ընդգրկէ նաեւ խոհափիլիսոփայական պատկերներ եւ հարցադրումներ:
Եւ ահա, զգուշ ականջ դիր կուրծքիդ,
Խռովքի մ’անլուր զանգերն են արդէն,
Որ քեզ կը կանչեն քու մեծ երազիդ
Տղմուտ օրերու տարտամ մշուշէն…
. . . . . . . . . . . . . . . . «Սթափում»
Մուշեղ Իշխանի «Կեանք եւ երազ» ժողովածուն պատգամ մըն է իւրաքանչիւրին, որ կեանքը երազի պէս ապրի, իսկ երազը` կեանքի պէս»: Ան կեանքի բոլոր հանգրուաններուն մէջ չանջատեց երազը իրականութենէն:
Կեանքն իր երազ մը եղաւ,ինչպէս երազն` իրեն կեանք:
Համատարած, մտերմիկ, բայց յաւէտ նոր ու անհուն.
«Կեանքն իր երազ մը եղաւ»
Մուշեղ Իշխանի ստեղծագործական կեանքի այս հանգրուանը կը բնորոշուի ինքնահաստատումով եւ նոր հայեացքներով: Ըստ անոր, մարդը ազատ եւ անկաշկանդ կը դառնայ, երբ օգտագործելով իր կարողութիւնները` խոնարհաբար բարիք սերմանէ չորս դին եւ ատիկա կեանքի նպատակ դարձնէ:
Ե՛ս իմ սեղանը բերկրանքի
Եւ միայն ես իմ հոգիիս ակունքէն
Կրնամ ձեզի տալ անկարելին լուսեղէն
Եւ օրհնութիւնը կեանքի…
. . . . . . . .«Ես իմ երազը կենդանի»
«Տառապանք», «Արեւմար», «Իրիկնալոյս ռումբերու տակ» ժողովածուները կը կազմեն Իշխանի քնարերգութեան յաջորդ փուլը: «Տառապանքը» կը նկատուի անոր լաւագոյն ժողովածուներէն մէկը, ուր ի յայտ կու գայ Իշխանի խոր ճանաչողութիւնն ու իմաստաւորումը կեանքին: Ան կարծես կ՛ուզէ համոզել, որ կեանքը տառապանք է, որուն հետ ստիպուած ենք հաշտուելու:
Կսկիծն է կեանքին միայն իրական,
Տառապանքը խոր ու բազմախորհուրդ,
Ամէն սրտի մէջ եռացող անդունդ,
Կսկիծն է կեանքին միայն իրական:
. . . . . . . . . . . .«Տառապանք»
Մուշեղ Իշխանի համար մահը ամենակարող է, արդար է, կը բուժէ ամէն վէրք, կը հարթէ ամէն թշուառութիւն.
Դուք,որ յաճախ արտասուեցիք,
Եւ դուք, որ շատ զուարճացաք,
Դուք, որ տուիք փուշ ու ծաղիկ`
Նոյն խաւարին դարձաք բանակ:
. . . . . . . .«Նոյնն է ճամբան»
Ան չի սահմանափակուիր միայն ազգային մտահոգութիւններով, այլ աւելի վեր կ՛ելլէ` դէպի համամարդկային արժէքներ եւ ընթերցողին առջեւ կը բանայ համամարդկային վիշտի խոր ու ազդու պատկերներ,խոհական մտորումներ.
Աստուա՜ծ իմ, որքան անարդար վճիռ.
– Ես ինչպէ՞ս կրնամ քար դնել խղճիս…
Կեանքեր թեւաբեկ եւ շղթայակիր.
– Աշխարհի ցաւով հիւանդ է հոգիս…
. . . . . . . . .«Աշխարհի ցաւով»
Իշխանի «Արեւմար» ժողովածուն կը ներկայացնէ ածխացած տուներու, տեղահանուած հայութեան մորմոքը եւ ողբերգութիւնը: Օտար ափերու վրայ ուծացման վտանգը փաստօրէն կը տագնապեցնէ հեղինակը եւ իր սերունդի`յետեղեռնեան սերունդի ներկայացուցիչները, որոնք մինչեւ վերջ ալ կրեցին մահուան ու կոտորածի պատկերները, անցեալի յուշերը, կը սկսին ահազանգ հնչեցնել` դիտելով հայ գաղութներէն հեռացող երամները:Անոնց ներաշխարհին մէջ հաւատքի ու յուսալքման,ազգային ինքնութեան կռիւն է եւ լեզուի կորուստին դէմ անոնց բողոքը:
Մուշեղ Իշխանի վերջին ժողովածուն` «Իրիկնալոյսին ռումբերուն տակ», լոյս տեսաւ մահէն ետք, 1991-ին: Ան այս ժողովածուով կը փորձէ նաեւ հասկնալ կեանքի ու մահուան խորհուրդը:
Եթէ կամենաս, եթէ հաւատաս`
Գալիքը լոյս է,
Եւ մինչեւ անգամ մահը վաղահաս
Յարութեան յոյս է…
. . . . . «Եթէ կամենաս»
Մուշեղ Իշխան միշտ բարձր կը գնահատէր հայրենիքի դերը սփիւռքահայութեան գոյապայքարի դժուար ժամանակներուն մէջ:
Դարձեալ Աւարայր ու Սարդարապատ,
Իմ ժողովուրդս ոտքի է նորէն…
Մահու ու կենաց նորոգ գոյամարտ
Արցախի լերան սէգ կատարներէն…
«Արցախի լեռներ»
Վերջապէս կարելի է եզրակացնել, որ ան կը հաւատար, թէ աշխարհով մէկ սփռուած հայութեան մէկ մասնիկն է եւ իր էութեամբ կը ձգտէր դէպի այդ ամբողջութեան: Անուանի բանաստեղծը իր ստեղծագործական բոլոր ժամանակահատուածներուն մէջ ունէր իր ուրոյն աշխարհը, զոր կարելի է կոչել իշխանական աշխարհ, եւ որուն անբաժան մասնիկներն էին` տունը, երազը, մահը, սէրը, կարօտը եւ լեզուն, որոնց հաւատարիմ մնաց ան մինչեւ վերջին շունչը:
Եթէ Կամենաս
Եթէ կամենաս, եթէ հաւատաս`
Գալիքը լոյս է,
Եւ մինչեւ անգամ մահը վաղահաս
Յարութեան յոյս է…Ես գուցէ իյնամ երազի ճամբան,
Ինձ համար ուշ է.
Բայց դուն կը տեսնես պայծառ ապագան,
Որ այսօր յուշ է…Եթէ ականջ տաս հայոց լեռներուն`
Սիրտը ժիր զանգ է.
Եւ մինչեւ անգամ օտար տեղ ու տուն
Հայրենի վանք է…