
Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց տարիքային ախոյեանութեան (2001-2002-ի ծնունդ) 3-րդ եւ վերջին հանգրուանին ծիրին մէջ, երէկ յետմիջօրէին ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ (Նաքքաշ) տեղի ունեցաւ Անդրանիկ – ՀՄԸՄ Անթիլիաս մրցումը:
Բ. խմբակին մէջ տեղի ունեցած այս մրցումին ՀՄԸՄ Անթիլիասի աղջիկները արձանագրեցին իրենց 3-րդ յաջորդական յաղթանակը` 45-37 արդիւնքով:
Իր արձանագրած այս յաղթանակին շնորհիւ, ՀՄԸՄ Անթիլիաս ապահովեց յաջորդ հանգրուանի (կիսաւարտական) իր տոմսը:
Պէտք է նշել, որ ՀՄԸՄ-ի մարզիկները բոլորն ալ անխտիր բացառիկ մրցում մը ներկայացուցին եւ ատոր շնորհիւ տարին վերջնական յաղթանակը: