Նախորդ շաբաթավերջին եւրոպական ֆութպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ տեղի ունեցան շարք մը հետաքրքրական ճակատումներ:
Գերմանիոյ մէջ Պորուսիա Տորթմունտ այլ յաղթանակ մը արձանագրելով ընդհանուր դասաւորման մէջ բարձրացաւ 10-րդ դիրք:
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային խումբի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեանի կազմը` Տորթմունտ, 3-0 արդիւնքով յաղթեց իր հիւրին` Շալքէին:
Մխիթարեան, որ 79-րդ վայրկեանին նշանակեց Տորթմունտի կոլը, կատարեց նաեւ կոլի փոխանցում մը:
Տորթմունտի գլխաւոր մարզիչ Եիւրկըն Քլոփ մրցումէն ետք գովասանքի հետեւեալ խօսքերը ըսաւ Մխիթարեանի մասին. «Այս մրցումը իսկապէս հիանալի էր մեր կազմին համար: Այս յաղթանակը շատ կարեւոր եղաւ մանաւանդ Մխիթարեանի համար, որ նշանակեց կոլ մը եւ կատարեց կոլի փոխանցում մը: Կրնամ ըսել, որ ան իր լաւագոյն մրցումը կատարեց Տորթմունտի հետ: Բոլորն ալ կը սպասէին այն պահուն, որ իրենց ուրախութիւնը բաժնէին Մխիթարեանի հետ»:


