Խորհրդարանական երէկուան ասուլիսներուն ընթացքին, ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ, ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան, պատասխանելով այն հարցումին, թէ իշխանութիւնները ՀՅԴ-ի հռչակած 7 կէտերէն քանի՞ հատը կատարած են, պատասխանած է, որ այդ 7 կէտերը իրարու կապուած են, անոնց մէկ մասը կը վերաբերի քաղաքական համակարգի առողջացման, միւս մասը` ընկերային-տնտեսական համակարգի կտրուկ բարեփոխման, երրորդ մասը` ազգային պետական խնդիրներուն: Ըստ պատգամաւորին, անոնցմէ ոչ մէկը լիարժէք ընդունուած է: Կան յայտարարութիւններ, որոնց ուղղութեամբ քայլեր կը ձեռնարկուին, եւ ատիկա ողջունելի է:
«Ի վերջոյ, մենք համաձայնական դաշինքէն դուրս եկանք, որովհետեւ տեսանք, որ իշխանութիւնը կը շեղի այդ ուղեգիծէն: Եթէ քաղաքական ուղեգիծը մեզ չի բաւարարեր եւ ազգային չէ, այդ ուղեգիծին մէջ մտնելը անիմաստ է: Եթէ ուշադիր ըլլաք, երբ մենք համաձայնական դաշինք մտած ենք, միշտ յստակ յուշագիր ստորագրած ենք, թէ ի՛նչ նպատակներ կը հետապնդենք», ըսած է Արմէն Ռուստամեան:
Հարցումին, թէ Սերժ Սարգսեան-Գագիկ Ծառուկեան հանդիպումին արդիւնքները ժողովրդավարական գործընթաց կը նկատէ՞ Ռուստամեան պատասխանած է. «Մենք կը կարծենք, որ ստեղծուած իրավիճակին մէջ եղածը լաւագոյն արդիւնքն է: Այն, որ երկրին մէջ շատոնց ժողովրդավարական միջավայր չկայ, ատիկա ոչ ոքի համար գաղտնիք է: Եօթը կէտերուն իրականացման նպատակը այն է, որ երկրին մէջ ստեղծուի ժողովրդավարական համակարգ: Ներկայիս համակարգին մէջ եղողները, գոհ եւ երջանիկ եղած են, բայց հազիւ դուրս եկած համակարգէն եւ իշխանութենէն, կը դժգոհին: Ատիկա հետեւանք է ստեղծուած արատաւոր համակարգին: Հիմա, որ կը խօսին ճգնաժամի մասին, ատիկա համակարգային է», ըսած է Արմէն Ռուստամեան` աւելցնելով, որ բոլոր նախագահներուն ժամանակ եղած են նոյն երեւոյթները, եղած են առճակատման պահեր, բայց չորրորդ նախագահն ալ, եթէ այս համակարգով իշխանութեան գայ, նոյն խնդիրները պիտի յառաջանան:
«Քանի որ այս համակարգը իր մէջ կը պարունակէ արիւնահեղութեան տարրեր, իշխանութիւնները փոխելու` յեղափոխական առճակատման կարելիութիւն կը պարունակէ, անոր համար կ՛ըսեմ` եկէք փոխենք համակարգը, որ յետոյ իշխանութիւնները փոխելու ընտրական մեքանիզմները գործեն: Այսօր ընտրութիւններու միջոցով իշխանութիւնները չեն փոխուիր, ատիկա համակարգային է, այլ ոչ թէ անձերով պայմանաւորուած: Անձերով որ ըլլար, երեք անձ փոխած ենք, ինչո՞ւ իրավիճակը չի փոխուիր դէպի լաւ: Ունինք այն, ինչ որ ունինք: Իսկապէս լաւ է, որ մենք կրցանք խուսափիլ արիւնահեղութենէ: Երբ քառեակը եռեակ դարձաւ, ու եռեակը հանրահաւաքներ կ՛ընէր, ես անոնց յաջողութիւն մաղթեցի եւ ըսի` միայն թէ այդ պայքարը չբերէ արիւնահեղութիւն եւ հիասթափութիւն: Դժբախտաբար, մենք տեսանք, որ կա՛մ մէկը տեղի կ՛ունենայ, կա՛մ միւսը», ըսած է Արմէն Ռուստամեան:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք Գագիկ Ծառուկեան ծա՞նր վճարեց Սերժ Սարգսեանին հանդիպելու համար, ան յայտնած է, որ ատիկա պէտք է Ծառուկեանին հարցնել: «Կ՛ըսեն` շատ ունեցողէն շատ կը պահանջեն, քիչ ունեցողէն` քիչ: Չեմ գիտեր` Գագիկ Ծառուկեան որքա՛ն վճարած է: Բայց ամէնէն վտանգաւորը այն կ՛ըլլայ, որ մտածեն, թէ մէկը յաղթած է, միւսը` պարտուած: Իշխանութիւններուն ալ թող չթուի, թէ յաղթական են, որովհետեւ ատիկա շատ վտանգաւոր է: Պարտուած ենք, քանի տակաւին այն խնդիրները, որոնք կան, չեն լուծուած: Այս զինադադարը, որ յառաջացած է, պէտք է օգտագործել, կանխելու հետագայ առճակատումները եւ սկսիլ հոլովոյթ մը, որ ժողովուրդին մօտ դրական ակնկալութիւններ կը ձեւաւորէ», նշած է պատգամաւորը:
Արմէն Ռուստամեան, պատասխանելով լրագրողներու այն հարցումին, թէ ՀՅԴ-ն սահմանադրական բարեփոխումներուն վերաբերեալ որեւէ առաջարկ ստացա՞ծ է ոեւէ պատգամաւորէ կամ քաղաքական ուժէ, ըսած է, որ ստացած են առաջարկներ: Ան աւելցուցած է, թէ իրենք դիմած էին բոլոր քաղաքական ուժերուն, ստացած են առաջարկներ, որոնք կ՛ուսումնասիրուին: «Բաւական հետաքրքրական առաջարկներ կան, յատկապէս պարոն Բագրատեանէն, որուն առաջարկները ուշադրութեամբ կը քննարկենք, եւ անպայման օգտակար գաղափարները պիտի ընդգրկենք փոփոխութիւններուն մէջ»:
Պատգամաւորը նշած է, որ, ըստ ընթացքին, կը սպասեն նախագահին յայտարարութեան` կապուած այդ հայեցակարգի հաստատման:
Ատկէ ետք այդ հոլովոյթը կրկին պէտք է տեղափոխուի յանձնախումբ, որ պէտք է աշխատի բուն սահմանադրութեան բովանդակութեան վրայ, որմէ ետք ատիկա պիտի մտնէ Ազգային ժողով, ապա` լայն հանրութեան առջեւ տեղի պիտի ունենան քննարկումներ` որոշելու, թէ այդ նախագիծը պիտի դրուի՞ հանրաքուէի, թէ՞ ոչ: