Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եւրոպական Խորհրդարանի Երեսփոխանները 24 Ապրիլին Պիտի Այցելեն Ծիծեռնակաբերդ

Փետրուար 27, 2015
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

22615_kasՀայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին ընդառաջ, Եւրոպական խորհրդարանին մէջ տեղի պիտի ունենան  տարբեր ձեռնարկներ, որոնք նպատակ ունին ոչ միայն լայն հանրութեան ներկայացնել դար մը առաջ տեղի ունեցած մարդկութեան դէմ կատարուած առաջին յանցագործութեան մասին, այլ նաեւ իրաւական եւ քաղաքական ճամբով պահանջել ճանաչում եւ հատուցում: «Արմէնփրես»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի նախագահ Գասպար Կարապետեան շեշտած է, որ ներկայ  դրութեամբ յանձնախումբը Եւրոպական խորհրդարանի երեսփոխաններուն հետ կը մշակէ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած բանաձեւ, որ մինչեւ 24 ապրիլ պէտք է դրուի քուէարկութեան:

«Բանաձեւին մանրամասնութիւնները ներկայ դրութեամբ չեմ կրնար հաղորդել, որովհետեւ  աշխատանքը կ՛ընթանայ եւ բովանդակութեան  վերջնական տարբերակը տակաւին չէ մշակուած: Բանաձեւը պիտի դատապարտէ Թուրքիան, դար մը առաջ կատարած Ցեղասպանութեան համար: Մենք նաեւ կը ցանկանք, որ բանաձեւով իրաւական փոխհատուցման պահանջ դրուի: Բանաձեւը կոչ է, որ Թուրքիա ճանչնայ Ցեղասպանութիւնը: Տարբեր առաջարկներ կան եւ մենք զանոնք կը քննարկենք` աւելի լաւ տարբերակի հասնելու համար: Հիմնականին մէջ մեծ կուսակցութիւններու հետ կ՛աշխատինք, որպէսզի ունենանք անհրաժեշտ քուէներ եւ բանաձեւը խորհրդարանին մէջ յաջողինք վաւերացնել», ըսած է Գասպար Կարապետեան` աւելցնելով, որ տակաւին 1987 թուականին Եւրոպական խորհրդարանը ընդունած է Հայոց ցեղասպանութեան մասին բանաձեւ մը եւ Թուրքիոյ մասին զեկուցումներու մէջ միշտ կ՛արծարծէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը:

«Որոշ չափով լաւատես եմ, որ բանաձեւի ընդունումը կը յաջողի: Կայ Հայաստան-Եւրոպական խորհրդարան բարեկամութեան լաւ եւ ամուր խումբ: Խումբին անդամները 57 հոգի են: Սովորաբար Հայաստանի նման փոքր պետութիւններու բարեկամութեան խումբերուն մէջ  առաւելագոյնը տասէն տասնհինգ հոգի ներառուած կ՛ըլլայ: Կը խորհիմ, որ բարեկամութեան խումբին  հետ պիտի կարենանք յաջողցնել մեր ծրագիրները: Օրինակ, վերջերս ազրպէյճանցիներն ալ կազմեցին բարեկամութեան խումբ, բայց կազմը գաղտնի կը պահեն: Խումբին անդամներուն թիւը վստահաբար շատ փոքր է: Բացի ատկէ, Եւրոպական խորհրդարանին մէջ այնքան ալ պատուաբեր չէ Ազրպէյճանի բարեկամը ըլլալը», ըսած է Գասպար Կարապետեան:

Բացի բանաձեւի ընդունումէն, կը նախատեսուի, որ Եւրոպական խորհրդարանի երեսփոխաններու պատուիրակութիւնը  ապրիլին այցելէ Հայաստան եւ հայ ժողովուրդին  հետ ոգեկոչէ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակը:

Կարապետեան յայտնեց, որ Եւրոպական խորհրդարանի երեսփոխաններու նախնական ցանկ մը կազմած են, որ պիտի այցելէ Հայաստան եւ խումբին մէջ ներառուած ըլլան ոչ միայն Եւրոպական խորհրդարան-Հայաստան բարեկամութեան խումբի անդամները, այլ նաեւ այլ երեսփոխաններ: Ան աւելցուց, որ բնականաբար, կազմին մէջ պիտի ըլլան խումբին նախագահ Էլենի Թէոխարուսը եւ փոխնախագահներ, որոնք յարգանքի տուրք պիտի մատուցեն Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու  յիշատակին:

24 ապրիլէն ետք ալ Եւրոպական խորհրդարանին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած ձեռնարկները պիտի շարունակուին: Մայիսին տեղի պիտի ունենայ յուշարձանագէտ Սամուէլ Կարապետեանի «Եղեռնը Եղեռնէն ետք» խորագիրով ցուցահանդէսը, ուր ներկայացուած պիտի ըլլան յուշարձանագէտին նկարած  լուսանկարները: Աշնան Հայ դատի յանձնախումբը պիտի նախաձեռնէ միջազգային գիտաժողովը` նուիրուած Հայոց ցեղասպանութեան: «Գիտաժողովը պիտի ունենայ ինչպէս գիտական, այնպէս ալ քաղաքական բաժին: Ներկայ պիտի ըլլան միջազգային իրաւունքի մասնագէտներ, ցեղասպանագէտներ, պատմաբաններ եւ քաղաքական գործիչներ: Մենք նաեւ կը ցանկանք, որ հասարակ քաղաքացիներ ալ ներկայ գտնուին, որպէսզի լսեն քննարկումները: Այս ուղղութեամբ ներկայիս կ՛ընթանան աշխատանքներ», ըսած է Գասպար Կարապետեան` աւելցնելով, որ մինչեւ 24 ապրիլ քանի մը լեզուներով պիտի հրատարակուի Հայոց ցեղասպանութեան մասին ամփոփ գիրք մը, որ կը պարունակէ քարտէսներ, լուսանկարներ: Գիրքը, որ պիտի ըլլայ գերմաներէն, ֆրանսերէն եւ անգլերէն, պիտի բաժնուի Եւրոպական խորհրդարանի երեսփոխաններուն:

 

 

Նախորդը

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Կողմէ Սիսի Կաթողիկոսարանի Վերադարձի Դատին Թղթածրարը Կը Ստանայ Իր Վերջնական Ձեւը

Յաջորդը

Վարդանեան. «Ընդդիմութիւն Ըսելով` Իրենք Ո՞վ Նկատի Ունին»

RelatedPosts

Ներկայացուցիչներու Տան 69 Անդամներ  Կոչ Ուղղած Են Դադրեցնելու Ազրպէյճանին  Զինուորական Օգնութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Ներկայացուցիչներու Տան 69 Անդամներ Կոչ Ուղղած Են Դադրեցնելու Ազրպէյճանին Զինուորական Օգնութիւնը

Մարտ 25, 2023
Լուիս Պատասխանած Է Արցախի Մէջ Խաղաղապահ  Գործողութիւններուն Ուաշինկթընի  Մասնակցութեան Հեռանկարներուն Մասին Հարցումին
Գլխաւոր լուրեր

Լուիս Պատասխանած Է Արցախի Մէջ Խաղաղապահ Գործողութիւններուն Ուաշինկթընի Մասնակցութեան Հեռանկարներուն Մասին Հարցումին

Մարտ 25, 2023
Ազրպէյճանը Ռուսիոյ Պաշտպանութեան Նախարարութենէն Կը Պահանջէ Չգործածել «Լեռնային Ղարաբաղ» Անուանումն Ու Հայկական Տեղանունները
Հայկական

Պաքուն Կրկին Սպառնալիքներ Կը Հնչեցնէ Հայաստանի Հասցէին

Մարտ 25, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In