Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ Կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանին մէջ ընդունեց առեւանգուած բանակայիններուն ընտանիքները ներկայացնող պատուիրակութիւն մը` ներկայութեամբ Մուսթաքպալ պլոքի երեսփոխան Զիատ Քատիրիի:
Հանդիպումին ընթացքին ընտանիքները Հարիրիին ներկայացուցին իրենց վիճակը եւ դիմագրաւած դժուարութիւնները, ինչպէս նաեւ հարց տուին զանոնք ազատ արձակելու իմաստով ընթացող աշխատանքին մասին:
Հարիրի կատարեալ զօրակցութիւն յայտնեց անոնց` շեշտելով, որ բանակայիններուն առեւանգումին վայրկեանէն իսկ ինք հետեւած է այդ թղթածրարին եւ պաշտօնական մարմիններուն հետ կը շարունակէ հետապնդել այդ թղթածրարն ու անոր արձանագրած զարգացումները:
«Վարչապետ Թամմամ Սալամ եւ առեւանգուած բանակայիններուն ազատ արձակման համար կազմուած նախարարական յանձնախումբը առեւանգող կողմերուն հետ կը շարունակեն բանակցութիւնները: Մենք կ՛ողջունենք այդ ջանքերը եւ կ՛ընդգծենք, որ այդ ջանքերը պէտք է սահմանափակուին պետութեան հետ բանակցութեան հոլովոյթին ներքեւ, որպէսզի չբարդանան», նշեց Հարիրի:
Ան հաստատեց, որ առեւանգուած բանակայիններուն հարցը մարդկային հարց է` աւելցնելով, որ ինք ամէն ջանք ի գործ պիտի դնէ եւ որեւէ բանի պիտի նախաձեռնէ` ապահովելու համար անոնց ազատ արձակումը:
Իրենց կարգին, առեւանգուած բանակայիններուն ընտանիքները հաստատեցին, որ Հարիրի շեշտած է, թէ ինք պիտի հետեւի իրենց զաւակներուն ազատ արձակումին ջանքերուն` աւելցնելով, որ նախատեսուած է, որ լիբանանեան պետութիւնը որդեգրէ առեւանգուած բանակայինները փոխանակելու ձեւը:
Հարիրիի այցելուներէն եղան Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Ամին ժեմայէլ եւ երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ:
Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նաեւ Հարիրիի խորհրդականներ Նատեր Հարիրի եւ Ղաթթաս Խուրի: Քննարկուեցան լիբանանեան քաղաքական բեմը յուզող իրադարձութիւնները:
Նշենք, որ Հարիրի ընդունեց նաեւ երեսփոխան Հանրի Հըլուն եւ նախկին երեսփոխան Անթուան Անտրաուոսը, ինչպէս նաեւ Դատական իշխանութիւններու գերագոյն խորհուրդի նախագահ, դատաւոր Ժան Ֆահըտը: