Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Փետրուար 24, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԱՆՐՕԳՈՒՏ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Ղազի Զաայթեր շեշտեց, որ ինք յանձնառու է, որ Պէյրութի միջազգային օդակայանը ըլլայ աշխարհի լաւագոյն օդակայաններէն մէկը, որ կ՛ամբողջացնէ միջազգային օդանաւորդութեան չափանիշները: Ան նշեց, որ նախարարութիւնը փակած է օդակայանին այն սառնարանները, որոնք փճացած ուտեստեղէն կը պարունակեն:

ԳԱՂԹԱԿԱՆՆԵՐՈՒ հարցերու նախարար Ալիս Շապթինի հերքեց այն տեղեկութիւնները, թէ ինք հաւանութիւն յայտնած է մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին այն առաջարկին, որ նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյման հանրապետութեան նախագահ վերընտրուի: Ան աւելցուց, որ նախագահական ընտրութիւն չկատարելը Լիբանանի դէմ գործուած ոճիր է եւ երկրին սահմանադրութեան դէմ հարուած:

ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ուժեր Աւիւիմ բնակեցման վայրէն կրակոցներ արձակած են Մարուն Ռասի մէջ գտնուող լիբանանցի հողագործներու ուղղութեամբ: Մարդկային ոչ մէկ վնաս արձանագրուած է:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Իրանի դեսպան Մոհամետ Ֆաթհալի Իրանի յեղափոխութեան 36-ամեակին առիթով յայտնեց, որ շրջանին մէջ Դիմադրութիւնը նուաճում մը կը նկատուի:

ՆԱՍԸՐԱԿԱՆ շարժումի ընդհանուր քարտուղար Ուսամա Սաատ յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ տիրող ներկայ պայմանները հետեւանք են երկրին համայնքային դրութեան եւ քաղաքականութեան:

ՊԵՏԱԿԱՆ անվտանգութեան յատուկ ուժեր երէկ ձերբակալեցին սուրիացի քաղաքացի մը, որ Ժապհաթ Նուսրայի հետ կը գործակցի եւ Արսալի բարձունքներուն վրայ գտնուող զինեալներուն սնունդ եւ գումարներ կ՛ապահովէ:

ՌԱՇԱՅԱՅԻ Պքիֆա շրջանի քաղաքապետ Ֆատել Ֆայեատ երէկ այցելեց Արսալ, ուր շէյխ Մուսթաֆա Հուժէյրիի բնակարանին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ առեւանգուած բանակայիններուն շարքին գտնուող իր զաւկին` Մահեր Ֆայեատի հետ: Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Ժապհաթ Նուսրայի ղեկավար Ապու Մալեք Թալլի:

«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթին համաձայն, նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի առաջարկած է սերտել քաղաքացիական ամուսնութիւնը լիբանանեան պետութեան մօտ օրինաւոր կերպով արձանագրելու կարելիութիւնները:

ԶԲՕՍԱՇՐՋՈՒԹԵԱՆ նախարար Միշել Ֆարաոն յայտնեց, որ նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի բնակարանին մէջ իրենց ունեցած հանդիպումին նպատակն էր պարզապէս խորհրդակցիլ:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ մաղթեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան հետ սկսած երկխօսութիւնը շուտով աւարտի` աւելցնելով, որ ինք չի փափաքիր, որ այդ երկխօսութիւնը ըլլայ ձեւական:

ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ նախարար Ռամզի Ժրէյժ յայտնեց, որ տեղեկատուական մարզին տրուած ազատութիւնը ճշդուած է սահմանադրութեամբ` աւելցնելով, որ անիկա պիտի գործադրուի օրէնքի հովանաւորութեամբ:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ երեսփոխան Նեպիլ Նիքոլա յայտնեց, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան հետ իրենց տարակարծութիւնները լիբանանեան քաղաքացիական եւ շրջանային ապահովական կայունութեան վրայ չեն ազդեր:

«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին համաձայն, նախատեսելի չէ, որ կառավարութիւնը այս շաբաթ գումարէ իր ընթացիկ նիստը` նկատի ունենալով, որ նախարարաց խորհուրդի գործելաձեւին մասին տակաւին ոչինչ յստակացած է:

ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ հարցերու նախարար Ռաշիտ Տըրպաս յայտնեց, որ Լիբանան ոչ մէկ շահ ունի շրջանային տագնապին մաս կազմելու առումով:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Էմիլ Էմիլ Լահուտ կոչ ուղղեց լիբանանեան ապահովական կառոյցներուն գործակցելու սուրիական պաշտօնական կառոյցներուն հետ` ահաբեկչութեան դէմ պայքարին առումով:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Ֆայեատ շեշտեց, որ հաւատադրժողական խմբաւորումները կը նկատուին ամբողջական վտանգ, որոնք սիւննի համայնքին մեծ վնասներ կը հասցնեն:

ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք կուսակցութեան պատասխանատուներէն Անթուան Նասրալլա շեշտեց, որ Մուսթաքպալ հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սաատ Հարիրիի վարչապետ դառնալուն համար Լիբանան կարիք ունի հանրապետութեան նախագահի մը:

ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԵԱՆ միջոցներու նախարար Պութրոս Հարպ շեշտեց, որ նախագահական աթոռին թափուր մնալը պատճառ կը դառնայ, որ քրիստոնեայ տարրը իշխանութենէն հեռու մնայ:

Նախորդը

Մինչ Քրտական Ուժերը Կը Շարունակեն Յառաջդիմել, ՏԱՀԵՇ Հասաքէի Մէջ Երկու Եկեղեցիներ Կը Հրկիզէ

Յաջորդը

Մուքպել Ընդունեց Սամի Ժեմայէլը

RelatedPosts

Այցելելով Պաապտայի Պալատ`  «Պարրաքի Այցելութիւնը Հոյակապ Էր,  Եւ Տակաւին Հըզպալլայի Պատասխանին Կը Սպասեն»  Կ՛ըսէ Ռայի Պատրիարքը
Գլխաւոր լուրեր

Այցելելով Պաապտայի Պալատ` «Պարրաքի Այցելութիւնը Հոյակապ Էր, Եւ Տակաւին Հըզպալլայի Պատասխանին Կը Սպասեն» Կ՛ըսէ Ռայի Պատրիարքը

Յուլիս 9, 2025
Էմիրաթական Ընկերութիւն Մը Փափաք Յայտնեց  Ելեկտրականութեան Եւ Դրամատնային Մարզերուն Մէջ  Կենսական Ծրագիրներու Գործադրութեան Նպաստելու
Լիբանանեան

Էմիրաթական Ընկերութիւն Մը Փափաք Յայտնեց Ելեկտրականութեան Եւ Դրամատնային Մարզերուն Մէջ Կենսական Ծրագիրներու Գործադրութեան Նպաստելու

Յուլիս 9, 2025
Պարրաքի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին.  Ժահժահ. «Ապօրինի Բոլոր Զէնքերու Համարկումը  Լիբանանեան Հիմնական Պահանջ Է»
Լիբանանեան

Պարրաքի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին. Ժահժահ. «Ապօրինի Բոլոր Զէնքերու Համարկումը Լիբանանեան Հիմնական Պահանջ Է»

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?