Խ. ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
Ոստիկանական վէպերու հանրածանօթ հեղինակ եւ հայ ընտանիքէ սերած յոյն Փեթրոս Մարգարիսին վերջին երեք վէպերը` «Ջուրը կոկորդին» (2011), «Վերջնական Լիքուիտացում» (2012) եւ «Հաց, կրթութիւն եւ ազատութիւն» (2013), տեղադրուած են Յունաստանի տնտեսական փլուզման յառաջացուցած ընկերային սուր տագնապի ոլորտին մէջ: Կարելի է նոյնիսկ ըսել, թէ անոր կեդրոնական կերպարին` միջին տարիքի հետաքննիչ ոստիկան Քոսթաս Խարիթոսին յանձնուած ոճիրներու բացայայտումը առիթ է նկարագրելու Եւրոպական Միութեան ժուժկալութեան քաղաքականութեան իբրեւ հետեւանք երթեւեկային քաոսի, անգործութեան, համատարած թշուառութեան եւ յուսահատութեան մատնուած Աթէնքն ու իր բնակիչները: Այս շարքին երրորդը, որուն խորագիրը կը յուշէ եօթանասունական թուականներուն զինուորական բռնատիրութեան դէմ ըմբոստացած ուսանողներու պայքարի զօրաշարժի կարգախօսը, տեղի կ՛ունենայ մօտիկ ապագայի մը, երբ Յունաստանի կառավարութիւնը, անկարող ըլլալով վճարել իր արտաքին պարտքին տոկոսը, դուրս կու գայ եւրոյի տարածքէն եւ կը վերահաստատէ տրախման` որպէս ազգային դրամանիշ:
Առանց տնտեսագէտ ըլլալու, Մարգարիս թերեւս միայն մէկ տարիով սխալած ըլլայ` իր ակամայ կանխազգուշակումը զետեղելով 2014-ին, փոխանակ 2015-ին… Արդարեւ, յունուար 25, 2015-ի համար որոշուած խորհրդարանական ընտրութիւններուն կրնայ յաղթական դուրս գալ Արմատական ձախի համախմբում` Սիրիզա յունական սկզբնատառերով ծանօթ կուսակցութիւնը, որ ժողովրդային քուէին նախընտրութիւնը կը վայելէ` ըստ անցեալ դեկտեմբեր 29, 2014-ին խորհրդարանին կողմէ հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան երրորդ փորձի ձախողութենէն ի վեր տեղի ունեցող հարցախոյզերուն: Յունաստան խորհրդարանական կառավարման վարչակարգ է, եւ նախագահի պաշտօնը յատկապէս արարողակարգային է` ի տարբերութիւն խորհրդարանական ընտրութիւններուն մեծամասնական քուէով ընտրուած կուսակցութենէն նշանակուած վարչապետին, որ կը կազմէ երկրին կառավարութիւնը: Սակայն, ըստ սահմանադրութեան, եթէ խորհրդարանը երեք փորձերէ ետք ձախողի հանրապետութեան նախագահ ընտրել, հարկ է խորհրդարանական նոր ընտրութիւններ կազմակերպել: Դեկտեմբեր 29-ին իշխող կեդրոն-աջ կուսակցութեան թեկնածու Սթաւրոս Տիմասի` հանրապետութեան նախագահի պաշտօնին ընտրութեան երրորդ փորձը ձախողեցաւ 168 թեր եւ 132 ձեռնպահ քուէներու հաշուարկով, եւ վարչապետ Անտոնիս Սամարաս յայտարարեց, որ անհրաժեշտ է առանց ժամանակ կորսնցնելու սկիզբ տալ սահմանադրութեամբ նախատեսուած գործընթացին:
Յաւելեալ պիւտճէ` սնունդի, առողջապահութեան, ֆինանսական պատճառներով հոսանքէ զրկուած ընտանիքներուն` ելեկտրականութիւն… մէկ խօսքով` ԵՄ-ի ժուժկալութեան տնտեսական քաղաքականութեան բեռին տակ տառապող ժողովուրդին հասարակական կարիքներու հոգացման համար, եւ` երկրի արտաքին պարտքի վերանայման պահանջ: Այսքան պարզ է Սիրիզայի կառավարման ծրագիրը, որ սակայն պարտատէր դրամատուներուն կողմէ արդէն որակուած է որպէս «համայնավարութենէն ալ վատ»: Ըստ երեւոյթին, պարտատէրերը այնքան ալ չի խանդավառեր Սիրիզայի յանձնառութիւնը` պարտքը վճարելու, թէկուզ եւ անոր վերաբանակցութեան պայմանով, որքան որ կը մտահոգէ իր բարձրագոչ խոստումը, որ այդ մէկը օրէնքի ուժով կարգի պիտի հրաւիրէ հարկերէ փախուստ տուողները, աւելի ճիշդը` հարկերու գումարները երկրէն փախցնողները, որոնք, անշուշտ, այդ դրամատուներու լաւագոյն յաճախորդներն են… Հակառակ պարտքի մէկ մասի վերադասաւորման, անիկա տակաւին երկրի համախառն արտադրութեան 175 տոկոսը կը կազմէ, մինչ Սիրիզայի ընկերային հոգածութեան պիւտճէն պէտք ունի 1,3-1,6 միլիառ տոլարի` ժողովուրդը դուրս բերելու համար ընկերային ճգնաժամէն:
Չորս տարի առաջ, 2010-ին, Յունաստանի տնտեսութիւնը փլուզուեցաւ` ի հետեւանք արտաքին պարտքի վճարման անկարելիութեան: Եւրոն փրկելու համար աւելի խոր տագնապէ մը` ԵՄ-ը, Միջազգային դրամական ֆոնտն ու Եւրոպայի Կեդրոնական դրամատունը պարտադրեցին Գերմանիոյ յղացած ժուժկալութեան տնտեսական քաղաքականութեան բնորդը` պիւտճէին բացը գոցելու եւ փտածութեան դէմ պայքարի ու հարկերը հաւաքելու հեռանկարային նպատակով, այն խոստումով, որ այս ուղղութեամբ յստակ միջոցառումները պիտի օգնեն ճգնաժամի յաղթահարման եւ տնտեսական աճի վերադարձին: Անշուշտ, հաւաքական պատիժ ենթադրող նման քաղաքականութեան մը պարտադրումը կ՛ենթադրէր արտաքին ճնշում, բայց նաեւ` երկրի քաղաքական ընտրանիի մեղսակցութիւնը: Առաջինին պարտականութիւնը ստանձնեց Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելը, որ հրապարակային կերպով բանաձեւեց Յունաստանի այլընտրանքը` ժուժկալութեան ընդունում կամ` եւրոյի համակարգէն վտարում: Դէմ յանդիման յօնքերը կիտած Մերքելին` օրուան վարչապետ ընկերվարական Փափանտրէու հրաժարեցաւ նախապէս իր մտադրած ժողովրդային հանրաքուէէն, որուն արդիւնքով կ՛ուզէր պայմանաւորել թունաւոր փաթեթին իւրացումը թէ մերժումը: Մերքելին համար ժողովրդային որեւէ հանրաքուէի արդիւնք պիտի մեկնաբանուէր Յունաստանի շարունակականութիւնը եւրոպական համակարգի մէջ կամ անկէ հրաժարումը: Հարց չէր կրնար ըլլալ ժուժկալութեան փաթեթին ընդունումը կամ մերժումը: Ինչ որ անշուշտ ժողովրդավարութեան արժէքներու բաւական եզակի հասկացողութիւն է… Փափանտրէուի յաջորդը` ազատական Սամարաս գործադրութեան դրաւ փաթեթը:
Իբրեւ արդիւնք, փոխանակ 2012-ին ճգնաժամէ դուրս գալու, յոյները այդ տարի կորսնցուցին 400 հազար աշխատատեղի, անգործութիւնը մէկ տարի ետք հասաւ 27 տոկոսի: Բազմաթիւ լրագրողներու նկարագրութեանց համաձայն, փողոցը մնացածներուն եւ աղբի մէջ ուտելիք փնտռողներուն պատկերները կը յիշեցնեն 1930-ական թուականներու միջազգային ճգնաժամը` Միացեալ Նահանգներու քաղաքներուն մէջ:
Ընկերային խոր ճգնաժամը առաջնորդեց քաղաքական տեղաշարժերու եւ հրապարակի վրայ երեւցան աւանդական Փանհելենական ընկերվարական շարժում (ՓԱՍՕՔ) եւ կեդրոն-աջ Նոր ժողովրդավարութիւն կուսակցութեանց երկու այլընտրանքներ: Օրին, եւ թերեւս մինչեւ այսօր, ամէնէն աւելի իր մասին խօսիլ տուաւ ֆաշական «Ոսկեայ արշալոյս» կազմակերպութիւնը, որ հակառակ խորհրդարանէն մուտք գործելուն` շարունակեց փողոցային մակարդակի վրայ իր վայրագ վերաբերումը ոչ միայն Յունաստան հաստատուած գաղթականներուն, այլ նաեւ` ֆաշականութեան ընդդիմացող տարրերու նկատմամբ: «Ոսկեայ արշալոյս»-ին երեւոյթը համաեւրոպական տարածքին նոր ֆաշականութեան հրապարակ գալու յունական տարբերակն է, որ, թերեւս, երկրի ճգնաժամի խորութեան պատրուակով ամէնէն աւելի վայրագն ու ցեղապաշտականը կը թուի մինչեւ այսօր: Քուէներու ուժով խորհրդարան հասած քաղաքական միւս ուժը Սիրիզան է, որ, իր կարգին, եւրոպական համարկումի շեշտուած կերպով ազատական ուղղուածութեան մեղսակից դասական ձախակողմեան կուսակցութիւններէն անջատուած եւ որպէս նոր ձախ ճանչցուած կազմակերպութիւններն են: Յստակացնենք, որ նոր ձախը չի վերաբերիր Թոնի Պլերի «Նիւ լէյպըր»-ին, որ ձախը վերածեց խեղկատակութեան եւ պարպեց իր իմաստէն: Սիրիզայի դաւանած նոր ձախը Պաղ պատերազմի աւարտին իսկ միջազգային տնտեսական համակարգի ազատականացման հանդէպ քննադատական կեցուածք ունեցած մտածողութենէն սերած եւ հետագային Եւրոպայի, Լատինական Ամերիկայի, Ափրիկէի եւ Ասիոյ մէջ ծնունդ առած բողոքի հասարակական զօրաշարժերու ներշնչումով քաղաքական աշխատանքի դաշտ ձեւաւորած կազմակերպութիւններն են: Փոխանակ ականջալուր ըլլալու ազատ շուկայական տոկմային` վերածուիլ այդ տոկմայի զոհ գացած մեծամասնութեան բողոքի ձայնը քաղաքական դաշտ ուղղորդող այլընտրանքի: Այս է միաժամանակ պարզ եւ մարտահրաւէրային այն սկզբունքը եւրոպական այս նոր ձախին, որուն ղեկավարները ձերբազատած են իրենց հասցէին բազմացած «ամբոխավարական» մեղադրանքի բարդոյթէն:
Սիրիզայի երիտասարդ ղեկավար Ալեքսիս Ցիփրաս յունական քաղաքական բեմին վրայ յայտնուած էր տակաւին 2006 թուականին, երբ, 32 տարեկանին, այն ժամանակ Սինասփիզմոս կոչուող կուսակցութեան ղեկավար Ալեքոս Ալաւանոսի կողմէ առաջադրուած էր որպէս Աթէնքի քաղաքապետական ընտրութիւններու թեկնածու: Երկու տարի ետք Ցիփրաս այլեւս Սիրիզա վերանուանուած կուսակցութեան ղեկավարի պաշտօնով ամբողջականօրէն նուիրուեցաւ քաղաքական ասպարէզին, եւ դեկտեմբերին, երբ համաշխարհային ֆինանսական ճգնաժամին ազդեցութիւնը զօրաւոր կերպով կը հարուածէր Յունաստանը, ան գլուխը անցաւ բողոքի ժողովրդային զօրաշարժին: 2009-ի ընտրութիւններուն Սիրիզա ստացաւ քուէներու հազիւ 4,6 տոկոսը: Միայն 2010-էն ետք էր, որ երբ ՓԱՍՕՔ-ը ցոյց տուաւ, որ կը նախընտրէ հետեւիլ նոր ազատականութիւնը արդարացնող ուղեգիծին, ինչպէս` ընդհանրապէս եւրոպական ընկերվար-ժողովրդավարները, Սիրիզա վերցուց ձախի կոչումը արդարացնող հաւասարութեան եւ ընկերային արդարութեան համար քաղաքական պայքարի դրօշը: Շատերուն համար Ցիփրաս կը մարմնաւորէ զինուորական բռնատիրութենէն ետք 1970-ականներուն ՓԱՍՕՔ-ը հիմնած եւ Յունաստանի համար ընկերվարութեան այլընտրանքը քաղաքական օրակարգի կոչած Անտրէաս Փափանտրէուն:
Բայց Սիրիզայի բնորդը եթէ կայ, այն ալ 21-րդ դարուն ընկերվարութեան հեռանկարը վերարժեւորած Հարաւային Ամերիկայի ձախակողմեան ժողովրդական շարժումներն ու կուսակցութիւններն են: Ոչ այն իմաստով, որ կարելի է եւրոպական ոլորտի մէջ ընդօրինակել այն, ինչ Չաւեզ Վենեզուելայի, Քիրչներ Արժանթինի, Լուլա Պրազիլի եւ Մուխիքա Ուրուկուէյի մէջ ըրին: Այլ` բարոյական այն սկզբունքէն մեկնած, որ ժողովրդավարութեան իմաստը ժողովուրդի մեծամասնութեան ձայնը լսելն է եւ ոչ թէ ընտրական շօու մը կազմակերպել, ապա միայն գործադրելու համար այն, ինչ որ ֆինանսական կազմակերպութիւնները կը պարտադրեն: Ժողովրդավարութիւնը նաե՛ւ ժողովուրդի բարեկեցութեան առաջնահերթութիւնն է եւ ոչ թէ հասարակութեան չնչին մէկ տոկոս գեր-հարուստներուն աւելի հարստացնելու քաղաքակիրթ միջոցը: Հարաւամերիկեան դէպի ձախ թեքումի յառաջապահ ղեկավարները օրին չվարանեցան առճակատման երթալու համաշխարհային նորազատական համակարգի պահապան միջազգային կազմակերպութիւններուն եւ դրամատուներու հետ, մարտահրաւէր կարդալու անոնց պարտադրած խաղի օրէնքներուն` հակառակ իրենց վրայ գործադրուած բոլոր ճնշումներուն:
Այդ ճնշումները արդէն սկսած են երեւան ելլել Յունաստանի պարագային:
Միջազգային դրամական ֆոնտին եւ Եւրոպայի Կեդրոնական դրամատան վախը այն է, որ Սիրիզայի յաղթանակի պարագային, եթէ Սիփրաս հաստատ մնայ պարտքի վճարման պայմաններու վերանայման իր դիրքորոշման վրայ, Մերքել պնդէ, որ պայմանները չեն փոխուիր, խուճապ ստեղծուի յունական ֆինանսական շուկային մէջ, եւ կառավարութիւնը դիմէ ծայրայեղ քայլի` դուրս գալով եւրոյի գօտիէն եւ վերահաստատելով տրախման, միաժամանակ, անշուշտ, փոխելով երկրին տնտեսական քաղաքականութեան ուղղուածութիւնը` դէպի նոր քէյնէզականութիւն: Մերքել համոզուած կը թուի ըլլալ, որ Սիրիզա պիտի ձախողի եւ Յունաստանը դուրս ձգելով` կարելի պիտի ըլլայ փրկել եւրոյի գօտին: Հարցը հոն է, որ նոյն գործընթացով կրնայ գրեթէ անմիջականօրէն վարակուիլ Սպանիան եւ անկէ ետք սպասելի է շղթայական հակազդեցութիւն…
Հարաւային Ամերիկայի մէջ դէպի ձախ թեքումը այն ժամանակ յաջողեցաւ տնտեսական քաղաքականութեան ուղղուածութիւնը փոխել, որովհետեւ փոխօգնութեան եւ տարածաշրջանային համագործակցութեան քաղաքական կամքը առկայ էր: Այլ խօսքով, Հարաւային Ամերիկայի մէջ 21-րդ դարու ընկերվարութիւնը մէկ երկրով սահմանափակուած իրողութիւն չէր, այլ` տարածաշրջանային հնչեղութիւն ունեցող սկզբունք, անկախ թէ անիկա ի՛նչ ձեւով կը գործնականացուէր իւրաքանչիւր երկրի պարագային: Նոյնիսկ անհրաժեշտ չէր ընկերվարութեան պիտակը փակցնել ամէն ինչի: Բաւ էր ընկերային արդարութեան սկզբունքի համատարած համոզում եւ յանձնառութիւն:
Հարցը Եւրոպայի պարագային միայն Սիրիզայի յաղթանակը չէ, այլ` նոր ձախի համագործակցութեան պատրաստակամութիւնը, որպէսզի այլընտրանքը չըլլայ եւրօ՞, թէ՞ տրախմա, կամ` եւրօ՞, թէ՞ փեսեթա, այլ` եւրոյի գօտիի վերածնունդը ընկերային արդարութեան ձգտող տարածաշրջանային համարկումի մը գործընթացի սկիզբով: