Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Սարգսեանի Պատասխանը Լեւոն Տէր Պետրոսեանի Բաց Նամակին

Փետրուար 23, 2015
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

CA42414C-8519-4151-9F81-72086E7CA700_mw1024_s_nՀայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան պատասխանած է նախկին նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի բաց նամակին: Պատասխանին մէջ մասնաւորապէս ըսուած է.

«Շնորհակալ եմ սոյն թուականի 17 փետրուարին ինծի հասցէագրուած բաց նամակին մէջ  արտայայտած ձեր մտահոգութեան համար: Անմիջապէս ըսեմ, որ կտրականապէս կը մերժեմ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Համահայկական հռչակագիրին վերաբերեալ ձեր անուանումները: Կը մերժեմ ոչ միայն այն պատճառով, որ ատիկա անկախութենէն ի վեր ընդունուած առաջին փաստաթուղթն է, որ հեղինակուած է հայութիւնը ներկայացնող գրեթէ  բոլոր կառոյցներու եւ համայնքներու ներկայացուցիչներուն կողմէ, իսկապէս դառնալով ազգային միասնականութեան իւրայատուկ խորհրդանիշ, այլեւ` որ ատոր մշակման հոլովոյթի մասնակիցներուն շարքին բազմաթիւ են փաստաթուղթին մէջ գտնուող մարզերու ամէնէն լուրջ մասնագէտներ աշխարհի բոլոր ծայրերէն, մարդիկ, որոնց արհեստավարժութեան ես կը վստահիմ: Ուրեմն ակնյայտ է, որ Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրութեան կամ միջազգային իրաւական փաստաթուղթերու հետ հռչակագիրին հաւանական հակասութիւններու եւ նման այլ հարցերու վերաբերեալ ձեր ակնարկները հիմնաւոր չեմ կրնար նկատել:

«Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած ձեռնարկները համակարգող պետական յանձնաժողովը ստեղծման պահէն գործած է բոլորը միաւորելու, բոլոր կարծիքները հաշուի առնելու առաջնային սկզբունքով: Թէ՛ մինչեւ 24 ապրիլ  ինկած ժամանակահատուածին մէջ, թէ՛ ատկէ ետք  տակաւին  պիտի ըլլան բազմաթիւ ուղերձներ, պիտի մշակուին բազմաթիւ յայտարարութիւններ, պիտի գրուին բազմաթիւ նամակներ եւ պիտի իրականացուին տարբեր նախաձեռնութիւններ: Եթէ տակաւին  կան կարծիքներ եւ առաջարկներ, որոնք այս կամ այն պատճառով ժամանակին չեն դրուած միասնական քննարկումներու սեղանին վրայ, միեւնոյնն է, պէտք չէ դուրս ձգուին միասնականութեան այդ դաշտէն, եւ պէտք է նկատի առնուին: Այս առումով կը հաւատամ, որ ձեր առաջարկները եւս պէտք է քննարկուին: Դուք կը նշէք, որ ատոր համար դէմ առ դէմ հանդիպման կարիք կայ: Խնդիր չեմ տեսներ: Աւելի՛ն, կը կարծեմ, որ իբրեւ նման հանդիպման անկարելիութեան փաստ ձեր տուած  պատճառաբանութիւնները բնաւ տեղին չեն: Երբ նկատէք, որ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի ձեռնարկներուն շուրջ առանձին զրոյցի կարիք եւ ցանկութիւն այսուհանդերձ ունիք, պատրաստ եմ համապատասխան հրաւէր ուղարկելու»:

Տէր Պետրոսեան Այլեւս Սարգսեանին Հանդիպելու
Անհրաժեշտութիւն Չի Տեսներ

Հայ ազգային քոնկրեսի բանբեր Արման Մուսինեան շաբաթ օր յայտարարած է, որ Լեւոն Տէր Պետրոսեան բաւարարուած է նախագահ Սերժ Սարգսեանի պատասխանով` գնահատելով այն հանգամանքը, որ նամակին մէջ յստակօրէն  շարադրուած է վերջինիս տեսակէտը «Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի համահայկական հռչակագիր»-ին վերաբերեալ:

«Սարգսեան կը նկատէ, որ հռչակագիրը հրաշալի փաստաթուղթ է եւ կ՛արտայայտէ համայն հայութեան կամքը: Մինչդեռ Տէր Պետրոսեան կը նկատէ, որ հռչակագիրը Հայաստանի եւ Ղարաբաղի համար վտանգներով յղի փաստաթուղթ է, եւ որ առանց հանրաքուէի համայն հայութեան կամքը արտայայտողը չի կրնար նկատուիլ: Մնացեալը հասարակութեան ու սերունդներուն դատելիքն է», գրած է Մուսինեան` աւելցնելով. «Ըստ այդմ, որովհետեւ բանավէճը հրապարակային է, Տէր Պետրոսեան այլեւս Սարգսեանի հետ առանձնազրոյցի անհրաժեշտութիւն չի տեսներ»:

 

Նախորդը

«Մանտիլիոն»-ը` «Տարուան Պեսթսելըր»

Յաջորդը

Արցախի Հանրապետութեան Նախագահը Ընդունեց ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի Գրասենեակի Ղեկավարը

RelatedPosts

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն  Մարմինի Յայտարարութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Յայտարարութիւն. Ահաբեկչութեան Կազմակերպման Մասին Պնդումները Ի Սկզբանէ Եղած Են Անհիմն

Յուլիս 14, 2025
Արցախահայերը Երկրորդ Օրն Ըլլալով  Կը Շարունակեն Նստացոյցը
Հայկական

Արցախահայերը Երկրորդ Օրն Ըլլալով Կը Շարունակեն Նստացոյցը

Յուլիս 14, 2025
Ըստ Հայաստանի Արտաքին  Գործոց Նախարարութեան.  Պաքուն Ամէն Ինչ Պիտի Ընէ ՔՈՓ29-էն Ետք  Նոր Նախայարձակումի Համար
Հայկական

Բադալեան. «Երեւան Ապու Տապիի Հանդիպումը Կը Նկատէ Յաջող, Եւ Կը Հաստատենք, Որ Անիկա Կրնայ Խաղաղութեան Հոլովոյթի Հետագայ Իրականացման Լուրջ Հիմք Հանդիսանալ»

Յուլիս 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?