Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Գործարարները Կրնան Հայաստանի Մէջ Ներդրումներ Կատարել Նաեւ Ճատրակի Մարզին Մէջ

February 21, 2015
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

22015_ameԱրաբական Միացեալ Էմիրութիւնները մեծապէս հետաքրքրուած են ճատրակի մարզին մէջ Հայաստանի օրինակելի փորձը ուսումնասիրելու եւ այդ փորձը Էմիրութիւններու մէջ եւս կիրարկելու առումով, աւելի՛ն` երկրի գործարարները շահագրգռուած են Հայաստանի մէջ ներդրումներ կատարելու նաեւ ճատրակի մարզին մէջ: Այդ մասին յայտարարած է Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու ճատրակի ֆետերասիոնի նախագահ Սաիտ Մէիպալ, նախանցեալ օր  Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ հանդիպումին ընթացքին:

Նախանցեալ օր Մէիպալ նշած է, որ չափազանց տպաւորուած է Հայաստանի մէջ ճատրակի նկատմամբ իւրայատուկ վերաբերմունքով, աշխարհի մէջ առաջինը`  նախակրթարաններու մէջ ճատրակի դասաւանդման յաջող փորձով եւ ընդհանրապէս առանց տարիքային սահմանափակման ճատրակ խաղալու մշակոյթը ամբողջ երկրին մէջ տարածելու աշխատանքով:

Նախագահ Սարգսեան ողջունած է ճատրակի մարզին մէջ հայ – էմիրեթական գործակցութիւնը զարգացնելու Էմիրութիւններու հետաքրքրութիւնն ու ցանկութիւնը: Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնի նախագահը պատրաստակամութիւն յայտնած է աջակցելու  փորձի փոխանակման եւ միացեալ ծրագիրներու իրականացման գործին մէջ:

Հանդիպումէն ետք նախագահ Սերժ Սարգսեանի ներկայութեամբ տեղի ունեցած է երկու երկիրներու  ճատրակի ֆետերասիոններուն միջեւ  համագործակցութեան եւ փոխըմբռնման յուշագիրի ստորագրման արարողութիւնը: Փաստաթուղթը  ստորագրած են Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնի նախագահի առաջին տեղակալ Սմբատ Լպուտեան եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու ճատրակի ֆետերասիոնի նախագահը:

 

Նախորդը

Անի Ամիրաղեան. «Մտադիր Եմ Համադրել Մարզիկի Եւ Մարզիչի Աշխատանքս»

Յաջորդը

Լիբանանեան Ֆութպոլ. Շաբաթավերջին Տեղի Ունենալիք Մրցումները Յետաձգուեցան

RelatedPosts

Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ Պարտութեամբ Սկսաւ Տարեշրջանը
Մարզական

Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Պարտութեամբ Սկսաւ Տարեշրջանը

October 26, 2026
Ըմբշամարտ.  Մալխաս Ամոյեան Դուրս Մնաց
Մարզական

Ըմբշամարտ. Մալխաս Ամոյեան Դուրս Մնաց

October 26, 2026
ՌԱՖ. Ծառուկեան Նուաճեց Ախոյեանի Գօտին
Մարզական

ՌԱՖ. Ծառուկեան Նուաճեց Ախոյեանի Գօտին

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.