Երէկ առաւօտուն Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը իր կեդրոնատեղիին մէջ գումարած իր նիստին ընթացքին յայտարարեց, որ այս շաբաթավերջին տեղի ունենալիք մրցումները կը յետաձգուին` կլիմայական աննպաստ պայմաններուն պատճառով:
Յետաձգուած մրցումները կ՛ընդգրկեն հետեւեալ դասակարգերը.
Ա. դասակարգ` 17-րդ հանգրուան, Բ. դասակարգ` 17-րդ հանգրուան, Գ. դասակարգ` 8-րդ հանգրուան եւ կրտսերներու ախոյեանութիւն` 2-րդ հանգրուան:
Մրցումներուն նոր թուականներուն մասին ֆետերասիոնը որոշում պիտի տայ իր յաջորդ նիստին ընթացքին: