Հայաստանի թիւ 1 թենիսվումըն Անի Ամիրաղեան, որ վերջին շրջանին մրցաշարքերու չի մասնակցիր, յայտարարեց, որ կը պատրաստուի ընդլայնելու մարզիչի իր գործունէութիւնը:
21 տարեկան Ամիրաղեան, ArmSport.am-ին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին ըսաւ.
«Կ՛ուզեմ սկսիլ մարզիչի աշխատանքին ալ: Ասիկա չի նշանակեր, որ կ՛ուզեմ աւարտել թենիսի իմ արհեստավարժ ասպարէզս: Նկատի ունենալով, որ յառաջիկայ երկու ամիսներուն որեւէ մրցաշարքի պիտի չմասնակցիմ, կ՛ուզեմ մարզիչի աշխատանք կատարել:
«Կրնամ մարզել երեխաները, մեծերը եւ առհասարակ բոլորը: Տարիքային սահմանափակում չկայ:
«Ինչ կը վերաբերի վերջին շրջանին մրցաշարքերու չմասնակցելուս հարցին, պատճառը նիւթական է: Այն հովանաւորները, որոնք կ՛օժանդակէին ինծի, ներկայիս տնտեսական տագնապի մատնուած ըլլալով չեն կրնար օգնել ինծի: Թէեւ նոր հովանաւորներ կը փորձեմ գտնել, բայց այդ գծով տարուող աշխատանքը ցարդ կը մնայ ապարդիւն»: