29 մայիսին ՖԻՖԱ-ի կեդրոնատեղիին` Ցիւրիխի մէջ տեղի պիտի ունենայ ՖԻՖԱ-ի նախագահական ընտրութիւնը:
Այս ընտրութեան ընթացքին այժմու նախագահ Սեփ Պլեթըրի դէմ պայքար պիտի մղեն փորթուգալցի միջազգային նախկին ֆութպոլիստ Լուիս Ֆիկօ, Հոլանտայի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Մայքըլ Վան Փրաակ եւ Յորդանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ, գահաժառանգ իշխան Ալի Պըն Հիւսէյն:
42 տարեկան Ֆիկօ իր տուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին ըսաւ, որ ՖԻՖԱ-ի նախագահ ընտրուելու պարագային Մոնտիալին մասնակցող խումբերուն թիւը 32-էն պիտի բարձրացնէ 40-ի, կամ նոյնիսկ եթէ պէտք ըլլայ` 48-ի:
Ան իր խօսքին մէջ ըսաւ, որ «պիտի փորձեմ համոզել մարդիկը, որ ՖԻՖԱ-ն անպայման կարիքը ունի փոփոխութեան:
Ան ըսաւ, որ ինք անկախ անձ մըն է, որ կ՛ուզէ այդ կարեւոր եւ հիմնական փոփոխութիւնները տեսնել ՖԻՖԱ-ին մէջ:
Եզրափակելով ան ըսաւ, որ ինք ա՛յն անձն է, որ ատիկա կատարելու ի վիճակի է: