Սպանական մամուլին համաձայն, Պարսելոնայի միջնապահ Սերճիօ Պուսքեթցի հրաժարագինը յստակացած է:
Այն ակումբը, որ կ՛ուզէ իր կազմին միացնել 26 տարեկան ֆութպոլիստը, պէտք է քաթալոնիական ակումբին վճարէ 175 միլիոն եւրօ:
Նախքան այս լուրին մասին յայտարարութիւն կատարուիլը, յստակ դարձած էր այն, որ Պուսքեթցի պայմանագիրը երկարաձգուած է մինչեւ 2019:
Կ՛ակնկալուի նաեւ, որ անոր աշխատավարձը կազմէ տարեկան 10 միլիոն եւրօ:
Ասիկա տեղի ունենալու պարագային, ան պիտի դառնայ Պարսելոնայի ամէնէն շատ վարձատրուող մարզիկներէն մէկը` զիջելով միայն Լիոնել Մեսսիին, Զաւիին եւ Անտրես Ինիեսթային: